Ակնկալիքներ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովէն

Սեպտեմբեր 19-20 Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի շուրջ 700 ներկայացուցիչ` աւելի քան 60 երկրէ:

Աւստրիոյ հայ համայնքի ղեկավար Ռուբինա Ղազարեան նոյնպէս պիտի մասնակցի համաժողովին: «Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ  վերջինիս ակնկալիքները Հայաստան-Սփիւռք  5-րդ համաժողովէն,  եւ թէ ի՞նչ առաջարկներ ունի ան.

«Միշտ ալ հետաքրքիր է լսել, թէ միւս երկիրները ինչպէս կ’աշխատին, ինչեր կ’ընեն, ինչը  իրենց մօտ լաւ կը ստացուի: Ատիկա շատ կարեւոր է: Օգտուիլ լաւ գաղափարներէ, որ այլ համայնքներուն մէջ յաջողած է: Աւստրիոյ մէջ կառավարութեան համոզելը շատ դժուար է: Անցած ապրիլ 24-ներուն հրաւիրած ենք լրագրողներ, բայց այնքան ալ չենք յաջողած: Այս տարի խորհրդարանի բոլոր անդամներուն, նախագահին, վարչապետին նախօրօք ուղարկեցինք «Աղէտ» շարժանկարի սկաւառակը շատ հետաքրքիր ուղեկցող նամակով, եւ շատ մեծ արձագանք եղաւ:

Շատ կ’ուզէի, որ մեր երիտասարդները աւելի շատ մտնէին պետական համակարգեր` մեր ձայնը աւելի լսելի դարձնելու համար:

Ամենամեծ ցանկութիւնս այն է, որ Հայրենիքը խաղաղ եւ ուժեղ ըլլայ, եւ որքան Հայրենիքը ուժեղ ըլլայ, այնքան Սփիւռքը ուժեղ կ’ըլլայ եւ հակառակը, ուժեղ Սփիւռքով  Հայրենիքը կ’ուժեղնայ:

 Միւս մեծ մաղթանքս`   ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Գուցէ 100-ամեակին դեռ չհասցնենք, բայց գոնէ մէկ քայլ առաջ երթանք մեր պահանջատիրութեան հարցին մէջ»:

Scroll Up