ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Իրանահայ Բարերար, Մտաւորական Աւօ Յովհաննիսեանը

Սեպտեմբեր 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց իրանահայ բարերար, մտաւորական, հաւաքորդ Աւօ Յովհաննիսեանը:

1953 թուականէն Աւօ Յովհաննիսեան կը զբաղի հայկական մշակութային արժէքներու հաւաքման ու հայրենիք տեղափոխման գործով: Ան Մատենադարանին նուիրած է 400 միաւոր հնատիպ ու Սփիւռքի մէջ տպագրուած գիրք, յանձնած է 2000 միաւոր արխիւային նիւթ, որոնք Նոր Ջուղայի վարչական գրագրութիւններն էին, ինչպէս նաեւ 65 միաւոր ձեռագիր մատեան: Աւօ Յովհանիսեան իր 5000 միաւոր ազգագրական նիւթերու հաւաքածուն նուիրած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, իր սեփական գրադարանէն 3000 անուն գիրք բաժնած է Հայաստանի մշակութային կազմակերպութիւններուն, հովանաւորած է Կողբ գիւղի գրադարանի վերանորոգումը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը, բարձր գնահատելով բարերարի` մեր հայրենակիցներու ձեռքերով օտար ափերու վրայ ստեղծուած մշակութային արժէքները Հայրենիք տեղափոխելու ջանքերը, նշեց, որ Աւօ Յովհաննիսեան մեծ գործ կը կատարէ` փրկելով օտար ափերու վրայ ստեղծուած հայկական մշակութային արժէքները ազգային պատկանելութեան կորուստէն եւ օտարացումէն: «Ազգային կեանքի մասին յիշեցնող իւրաքանչիւր նմուշի նկատմամբ Ձեր հոգատար վերաբերմունքը բխում է ազգանուէր հայ լինելու Ձեր դիրքորոշումից», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Աւօ Յովհաննիսեան նախարար Հ.Յակոբեանին յանձնեց իր վերջին` «Դարձ արմատներին» վերնագիրով աշխատութիւնը` նշելով. «Այս գիրքին մէջ ներկայացուած է 40 տարիներու իմ աշխատանքի արդիւնքը` հաւաքած եւ դժուարութեամբ հայրենիք տեղափոխած Նոր Ջուղայի հայերուն վերաբերող իմ հաւաքածուի նկարագիրը»:

Հեղինակը ՀՀ սփիւռքի նախարարին փոխանցեց նաեւ իրանահայ բանաստեղծուհիԾաղկանոյշ Ծատուրեանի ստեղծագործութիւններու վերջին 3 ժողովածուները` նշելով, որ լուսահոգի գրողը երկար ժամանակ ցանկացած է իր գիրքերը փոխանցել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, սակայն չէ կրցած:

Scroll Up