Քանատացի Խորհրդարանականներն Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/Canada-01.jpg)
Հայաստան ժամանած Քանատայի Համադաշնութեան խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Քանատայի խորհրդարանի անդամները ծաղիկներ տեղադրեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:
Պատուիրակութեան անդամները շրջայց կատարեցին նաեւ Յուշապատին մօտ:
Խորհրդարանականերն այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահը, ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ժամանակաւոր ցուցադրութեան հետ:
www.genocide-museum.am