Միջին Արեւելքի Իրադրութիւնը Տեղի Հայկական Դասական Գաղութները Նօսրացման Վտանգի Տակ Դրած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/Untitled15.jpg)
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող բախումներու եւ իսլամիստ ծայրահեղականներու քաղաքականութեան հետեւանքով տեղի հայկական դասական գաղութները նօսրացման վտանգի տակ են: Օգոստոս 25-ին լրագրողներու հետ հանդիպման այս մասին նշեց Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
«Միջին Արեւելքի մէջ այսօր տիրող ընդհանուր միտումը ապաքրիստոնէացման գործընթացքն է: Արաբական գարունը դիմափոխուած է այլ զարգացումներու եւ հիմնական վտանգը այսօր` ոչ միայն տարածաշրջանին մէջ, այլեւ աշխարհի մէջ, իսլամական ծայրայեղ դրսեւորումներն են, որոնք կը սպառնան ինչպէս տեղուոյն վրայ ապրող քրիստոնեայ բնակիչներուն, այնպէս ալ միւս այլադաւաններուն: Ինչպէս կը տեսնենք ցեղային զտման գործողութիւններ կը կիրառուին եզտիներու հանդէպ»,- ըսաւ Գանտահարեան` նկատելով, որ այս գործընթացներու անմիջական հետեւանքը արտահոսքն է` Միջին Արեւելքի հայաթափութիւնը:
«Արմէնփրէս»-ի այն հարցին, թէ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ սկսած զանգուածային արտագաղթը ինչպէս պիտի ազդէ հայկական սփիւռքի ընդհանուր նկարագիրին վրայ, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրը նկատեց, որ Հայաստանի հանրապետութեան եւ հայոց պետականութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ հայապահպանման վտանգը նուազագոյնի հասցուած է: «Եթէ անցեալին Միջին Արեւելքը շատ կարեւոր միջավայր էր Հայկական սփիւռքի հայապահպանման համար, ապա այսօր սփիւռքի կապը Հայաստանի հետ շատ աւելի աշխոյժ է: Ի հարկէ, դեռ շատ բան կայ ընելու եւ Հայաստանի Հարնապետութիւնը, սփիւռքի կառոյցները պէտք է ռազմավարական, քաղաքական, մշակութային, անվտանգութեան եւ լեզուական տեսանկիւններէն համատեղ քննարկումներ իրականացնեն` հայկական սփիւռքն իր բոլոր ենթաշերտերով ուսումնասիրելու եւ նոր հեռանկարներ նախանշելու համար»,- ըսաւ Գանտահարեան: Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը ուղիղ կամ տարանցիկ երկրի միջոցով վերջնական արդիւնքով գլխաւորապէս կը գաղթեն եւրոպական միութեան երկիրներ կամ Միացեալ Նահանգներ:
Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսնող «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեանի խօսքով` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները կ’ազդեն նաեւ միացեալ Նահանգներ ապրող հայ համայնքներուն վրայ: «Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը կը փորձէ ներգրաւել նոր եկողները, բայց հիմքը սխալ դրուած է:
Երբ Հայաստանէն ԱՄՆ եկան առաջին արտագաղթողները, տեղի համայնքը պատրաստ չէր անոնց ընդունելու, ուստի յարաբերութիւնները այդքան ալ առողջ հիմքերու վրայ չդրուեցան: Սակայն վերջին շրջանին համազգային որոշ խնդրիներու պատճառով այն աւելի համախմբուեցաւ»,- պարզաբանեց Պողիկեան` նկատելով, որ նոր արտագաղթողները իրենց ներկայութեամբ աւելի կ’ամրապնդեն հայկական գործօնը Արեւմուտքի մէջ, եւ որ համատեղ ջանքերով հնարաւոր պիտի ըլլայ «վնասը վերածել ինչ-որ շահի»:
Ասուլիսին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ առարկայական եւ ճշգրիտ լրատուութեան կարեւորութեան: Բանախօսները նշեցին, որ շատ կարեւոր է խուճապային լրատուութենէն խուսափիլ: Հայաստանեան լրագրողները բարձրացուցին Մերձաւոր Արեւելքի թէժ կէտերէն հաւաստի աղբիւրի պակասի խնդիրը:
armenpress.am