Իրավիճակը Հալէպի Մէջ . Ժիտէյտիէ-Սալիպէ Շրջանը Գտնուող Ազգային Առաջնորդարանը Կրկին Թիրախ` Հրասանդի Պայթումի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/0824_arach1.jpg)
«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ինչպէս միշտ, հին Հալէպի շրջանը բախումներու, հրասանդերու եւ զանազան հրթիռաձգութեան կեդրոն է: Հետեւաբար այդ շրջանը գտնուող Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ այլ ազգապատկան կառոյցներ եւս ինքնաբերաբար թիրախ են հրթիռներու:
Արդարեւ, 22 oգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամերուն հրասանդ մը ինկաւ եւ պայթեցաւ Ազգային առաջնորդարանի շէնքին մէկ բաժինին վրայ: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր:
Նշենք, որ Հալէպի դէպքերուն սկիզբէն ի վեր, վերոնշեալ կառոյցները անապահով շրջանի մէջ գտնուելնուն պատճառով չեն գործեր: Ազգային առաջնորդարանը արդէն քանի մը տարի է ի վեր տեղափոխուած է Սիւլէյմանիէ շրջանին մէջ գտնուող «Ս. Վրացեան» կեդրոնը: Լուսանկարին մէջ կը տեսնուի Ազգային առաջնորդարանին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ միջեւ գտնուող ճամբան, ուր հրասանդի պայթումի պատճառով շէնքի քանդուած քարեր կան:
«Ազդակ»