Ասմունքի Օր Նուիրուած Սիամանթոյի Ծննդեան Օրուան

Օգոստոս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան §Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս  Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ` նուիրուած Սիամանթոյի ծննդեան օրուան:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունով ձեռնարկին մասնակիցներուն ողջունեց նախարարի տեղակալ  Սերժ Սրապիոնեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. §Ջերմօրէն ողջունում եմ ձեզ Հայրենիքում: Կարեւորում եմ ձեր մասնակցութիւնն այս միջոցառմանը: Առաջին անգամ §Իմ Հայաստան փառատօնի շրջանակներում կազմակերպւում է նաեւ ասմունքի օր, որը նուիրել ենք իր տեսակով եզակիօրէն անկրկնելի Սիամանթոյին: Յուսանք, որ աւանդոյթի վերածուող այս օրը յետագայում մենք կը դիմաւորենք լեփ-լեցուն դահլիճներում: §Իմ Հայաստան» փառատօնը սոսկ մշակութային իրադարձութիւն չէ, այն նաեւ հայ հաւաքական ինքնութեան ու ազգային ոգու վառ արտայայտութիւն է: Մշակոյթն է համահայկական միասնութեան հզօր երաշխիքը, որը համաշխարհայնացման այս դարում էական դերակատարութիւն է ստանձնում` կամրջելով ազգի արմատները, անցեալը, ներկան եւ ապագան: Բարի երթ ձեզ»:

Ելոյթ ունեցան Հրանոյշ Սարոյեան Ուքրանիայէն, Լեւոն Չիդիլեան Վրաստանէն, Մարիամ Թովմասեան Քանատայէն, Տիրանուհի Մարգարեան-Կարապետեան Սուրիայէն, Փիւնիկ Քեշիշեան Իրանէն, եւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները:

Երեկոյի աւարտին §Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն եւ անոնց յանձնեց շնորհակալագիրներ մասնակցութեան համար:

 

 

Scroll Up