Քոնկրեսականներ Յաւելեալ Ճնշում Կը Բանեցնեն Ատրպէյճանի Բռնարարքները Կասեցնելու Նպատակով

Մինչ Ատրպէյճանի բռնարարքները կասեցնելու նպատակով քոնկրեսականներ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին, որ անմիջական քայլերու դիմէ, զսպելու համար շրջանը դէպի պատերազմ տանող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Օգոստոս 8ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Արամ Համբարեան եւ Քէյթ Նահապետեան, այս նպատակով խորհրդակցութիւններ ունեցած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ, որուն յանձնուած է Ատրպէյճանի վերջին բռնարարքները դատապարտող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի նամակը, ուր ան կ՛ազդարարէ. «Եթէ այս հակաժողովրդավար ու ոչ ոքի հաշիւ տուող մենատէրը չզսպուի, ապա ան իր սպառնալիքները իրականացնելով՝ Կովկասը ընդարձակ պատերազմի մը պիտի առաջնորդէ՝ մարդկային եւ նիւթական մեծ զոհեր պատճառելով»։

Խաչիկեան կ՛աւելցնէ, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը, ամերիկեան ազդու առաջնորդութեամբ եւ ատրպէյճանական ռազմական գործողութեանց միաձայն դատապարտումով, կարողութիւնն ունի խաղաղութեան գործընթացը վերադարձնելու իր հունին՝ պարտադրելով Պաքուին, որ ընդունի անձակազէնները հեռացնելու եւ յաւելեալ դէտեր տեղադրելու ԵԱՀԿի պայմանները, որոնք արդէն իսկ ընդունուած են Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութեանց կողմէ։

Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ www.anca.org/assets/pdf/080814_warlick.pdf կայքէջին վրայ։

Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ եւ Ալիեւի յարձակողապաշտ քայլերը զսպելու նպատակով՝ վերջերս յայտարարութիւններ կատարած քոնկրեսականներուն։

Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն ըսած է. «Խորապէս կը ցաւիմ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ տիրող բռնարարքներուն եւ քանի մը հայ ու ատրպէյճանցի զինուորներու զոհուելուն կապակցութեամբ: Ես ապշած եմ Ատրպէյճանի կողմէ Կարմիր խաչի աշխատակազմին վրայ կատարուած յարձակումէն՝ Հայաստանի սահմանային գիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ արձակազէններ տեղակայելու Պաքուի որոշումէն, հակառակ նման արարքներու չդիմելու նպատակով անոր կատարուած կոչերուն: Յոյս ունիմ, որ Ատրպէյճան զերծ կը մնայ արձակազէններու օգտագործումէն ու անոր փոխարէն՝ կը մասնակցի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ արդիւնաւէտ բանակցութիւններու, տագնապին լուծում մը գտնելու համար»:

Տէյվիտ Սիսիլին յայտնած է. «Խորապէս մտահոգ եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումով եւ յոյս ունիմ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան խաղաղութիւնը վերահաստատելու միջոց գտնել: Կտրուկ կերպով կը դատապարտեմ Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ արձակազէններու յարձակումները, որոնք ուղղակի խախտումներ են զինադադարի համաձայնագիրի եւ միջազգային օրէնքի։ Նաեւ, ցնցուած եմ ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն վրայ կատարուած յարձակումին մասին տեղեկութիւններէն»:

Քոնկրեսական Ճուտի Չու եւս իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումներուն նկատմամբ, միաժամանակ՝ շեշտելով, որ տագնապին երկարամեայ լուծում մը գտնելու համար պէտք է խաղաղութիւն հաստատուի եւ կողմերը պէտք է դիւանագիտական միջոցներու դիմեն՝ ձեռբազատուելով ռազմական ընտրանքէն։

«Երկու տասնամեակէ ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կ՛ապրի Ատրպէյճանի արձակազէններու կրակոցին մնայուն սպառնալիքին տակ, մինչ Ատրպէյճան կը փորձէ վերահսկողութիւն հաստատել մեծամասնութեամբ հայաբնակ այդ շրջանին վրայ: Անցեալ շաբաթ ատրպէյճանական ուժերը շփման գիծին վրայ դարձեալ կատարած են յարձակումներ, որոնց պատճառով երկու կողմերէն կորուստներ արձանագրուած են: Բռնութեան վերջին դէպքերը պէտք է խստօրէն դատապարտուին, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է Ատրպէյճանի իշխանութեան կոչ ընէ՝ հրաժարելու արձակազէններու օգտագործումէն, յատկապէս քաղաքայիններու դէմ։ Միացեալ Նահանգներու զինուորական աջակցութիւնը պէտք է կասեցուի, մինչեւ որ Ատրպէյճան հեռացնէ իր արձակազէնները», ըսուած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի յայտարարութեան մէջ:

Քոնկրեսական Ճեքի Սփիր գրած է. «Հայերու վրայ ատրպէյճանական սաստկացած յարձակումները, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքայիններու եւ Կարմիր Խաչի դէմ արձակազէններու օգտագործումը պէտք է դատապարտել։ Ատրպէյճանի այս արարքները կը խախտեն միջազգային օրէնքները եւ երկարամայ զինադադարի պայմանները։ Լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը կրցած է ժողովրդավարական կարգեր հաստատել, եւ միջազգային համայնքը պէտք է նեցուկ կանգնի անոր»։
Վերջապէս, քոնկրեսական Թոնի Քարտենաս յայտարարած է, թէ խորապէս տխրած է հայ եւ ատրպէյճանցի զոհերուն եւ Կարմիր խաչի անձնակազմին վրայ յարձակումներուն պատճառով՝ յոյս յայտնելով, որ վերջ կը դրուի բռնարարքներուն, խաղաղութեան եւ դիւանագիտութեան առիթ ընծայելու համար։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի բռնարարքները կասեցնելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դիմած է նաեւ «#StopAliyev» համացանցային արշաւին։

http://asbarez.com

Scroll Up