Համա-ՀՄԸՄ-Ական 10-րդ Բանակումը Կը Շարունակուի Մեծ Խանդավառութեամբ
Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին երկրորդ օրը` երէկ, յատկանշուեցաւ «Բազմամշակութային օր»-ուան կազմակերպութեամբ, երբ բանակումին մասնակից 18 երկիրներու պատուիրակութիւնները հանդէս եկան իրենց երկիրներու սովորութիւնները, տարազներն ու մշակոյթները ներկայացնող տաղաւարներով: Խանդավառութիւնը մեծ եղաւ բոլոր տաղաւարներուն շուրջ: Երգը, պարը, նուագն ու ազգային ճաշերը յաւելեալ «համ ու հոտ» տուին օրուան: Անկասկած, մեծագոյն հետաքրքրութիւնը ստեղծեց ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ¬ի տաղաւարը, որ հարազատ հայկականութիւն ներշնչեց բոլորին:
Բանակումին Առաջին Օրը
Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը ընթացք առած էր, հինգշաբթի, 31 յուլիսին, մարաթոնային օրով մը, որ սկիզբ առած էր առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ աւարտին հասած երեկոյեան 10:00-ին:
Արդարեւ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Բիւրականի ընդարձակուած եւ վերանորոգուած բանակավայրը ստացաւ մեղուի փեթակի տեսք: ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքի 18 շրջաններէն ժամանած 750 սկաուտներ տենդագին պատրաստութիւններով բանակավայրը վերածեցին ՀՄԸՄ-ական իսկական դարբնոցի, ուր բոլորը նոյնացան գաղափարական նոյն դրօշի տեսլականով:
Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին բանակումին ազդանշանը տրուեցաւ պաշտօնական տողանցքով եւ բացման հանդիսութեամբ, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ Համաշխարհային սկաուտական շարժումի եւրոասիական բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Եմիլիան:
Դրօշակի արարողութենէն եւ քայլերգներու կատարումէն ետք, բանակողներուն ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին Եուրի Եմիլիան, բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան: Խօսքերը շեշտեցին ՀՄԸՄ-ի ազգանուէր դերակատարութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: Անոնք ընդգծեցին նաեւ բանակումին Հայաստանի մէջ կազմակերպման կարեւորութիւնը եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեցին հայրենի պետութեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ բանակավայրը ընդարձակել եւ վերանորոգել:
Բացման հանդիսութենէն ետք, բանակումի խմբապետական կազմն ու պատուիրակութիւններու պատասխանատուները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն առաջնորդութեամբ, այցելեցին Եռաբլուր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին նահատակ ՀՄԸՄ-ականներ Վարդան Բախշեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի շիրիմներուն: Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, որմէ ետք հնչեցին «Յառաջ նահատակ»-ը եւ «Վէրքերով լի»-ն:
Եռաբլուրին հրաժեշտ տալէ առաջ, բանակումին աստիճանաւորական կազմը յարգանքի ծաղկեպսակով մը խոնարհեցաւ մեր ազատագրական պայքարի բոլոր նահատակները ոգեկոչող յիշատակի պատին առջեւ:
Յաջորդեց բանակումին պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանի, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի, Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի, Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեանի, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Աւագեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին Փիրումեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան սփիւռքի բաժանմունքի պետին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչին:
Բանակումը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին` տողանցքով: Տողանցքը առաջնորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան շեփորախումբը: Հետեւեցան բանակումին մասնակից պատուիրակութիւնները, Թեհրանի «Արարատ», «Նայիրի», «Սիփան», Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութիւններու սկաուտական կազմերը եւ բանակումին հիւրաբար մասնակցող Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի սկաուտները:
Տողանցողները ազգային¬հայրենասիրական երգերու կշռոյթով «Ազատութեան» հրապարակէն տողանցեցին «Հանրապետութեան» հրապարակ, ուր հասնելով դիմաւորուեցան ներկաներու բուռն ծափերով:
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Հայաստանի նախագահին ներկայացուցիչը, հայրենի եւ Քանատայի նախարարները, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը, ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Օշին Փիրումեան, Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեան:
Բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, որմէ ետք սկաուտական պատուիրակութիւնները յիշատակի նկարներով հրաժեշտ տուին «Հանրապետութեան» հրապարակին` յիշատակելի եւ տպաւորիչ բացման հանդիսութեան մը մասնակցած ըլլալու արդար գոհունակութեամբ:
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդած կարճ դադարէ մը ետք, բանակողները ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, ուր գիշերուան ժամը 10:00-ին մոմավառութեամբ յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Պահը եղաւ շատ խորհրդանշական եւ յուզիչ: Հնչեցին «Յառաջ նահատակ»-ն ու «Կիլիկիա»-ն:
Սկաուտները Ծիծեռնակաբերդէն հեռացան ազգային գօտեպնդուած տրամադրութիւններով, «Արագածէն Արարատ տէրն ենք մեր դատին» բանակումին նշանաբանը կենսագործելու համոզումով եւ վճռակամութեամբ:
«Ազդակ»