«Սփիւռք Ամառնային Դպրոց-2014». «Հայաստանի Մէջ Ոչ Մէկուն Բացատրելու Կարիքը Չունիմ ` Թէ Ով Եմ…». Ռիչարտ Լափաճեան
«Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի հայերէնի ուսուցման դասընթացքին կը մասնակցին տարբեր տարիքի ու տարբեր երկիրներէ եկած մասնակիցներ: Իւրաքանչիւրն իր պատճառն ու պատմութիւնը ունի, թէ ինչու որոշած է հայերէն սորվիլ: Այսօր մենք կը ծանօթանանք 54-ամեայ Ռիչարդ Լափաճեանի պատմութեան.
– Ծնած եւ մեծցած եմ Ուրուկուէյի մէջ` Մոնթեւիտէօ քաղաքին մէջ: Մեծցած եմ հայկական գաղութի մէջ, ծնողքս շատ աշխոյժ կը մասնակցէին գաղութի կեանքին (հայրս շատ թունդ դաշնակցական էր), մշակութային տարբեր ձեռնարկներուն: Այդ ամէնուն գլխաւոր պատճառն այն էր, որ զօրանանք որպէս հայ: Հայրս, մայրս Լիբանանէն էին: Ոսկերիչներու երկրորդ սերունդն ենք: Բայց շատ պատահականօրէն, ընտրած եմ նաեւ ճամբայ մը, որ կը քալեմ առ այսօր:
Դեռ փոքր տարիքէս նուագած եմ տհոլ, կիթառ, բայց 13 տարեկանիս առաջին անգամ ձեռքս վերցուցի ուտն ու արդէն 35 տարի ուտ կը նուագեմ: Ինքնուս եմ, որեւէ կրթութիւն չեմ ստացած:
Դպրոցէն ետք հինգ ընկերներով` Ժոզէֆ Կարայեան, Դանիէլ Վարդամեան, Միկէլ Վարդամեան, Գաբրիէլ Նալբանդեան եւ ես, ստեղծեցինք «Երեւան-50» նուագախումբը, որն արդէն 35 տարուան պատմութիւն ունի: Խումբի բոլոր անդամներս սկաուտներ էինք, եւ ես շատ պատահական դարձայ արուեստագէտ:
Ուրուկուէյի գաղութի մէջ նուագախումբը մեծ հպարտութիւն է: Յաճախ կը նուագակցի ճանչցուած հայ երգիչներուն, որոնք հիւրախաղերու կու գան Հարաւային Ամերիկա: Տարիներու ընթացքին նուագախումբի կազմը փոփոխութեան ենթարկուած է, շատերը այլ երկիրներ տեղափոխուած են, եւ այսօր հիմնադիրներէն միայն երկուքը մնացած են: Ներկայ պահուն նուագախումբի տնօրէնը եւ ղեկավարը իմ սիրելի ընկեր Միկէլ Վարդամեանն է:
– Իսկ դուք տեղափոխուած էք Ամերիկա ու սկսած էք ոսկերչութեամբ զբաղիլ: Իսկ կը շարունակէ՞ք նուագել:
– Այո, թէ մասնագիտացած, թէ սիրողական մակարդակով: Ձայնագրութիւններու, համերգներու կը մասնակցիմ: Ամերիկայի մէջ բնակող շատ երգիչներու հետ համագործակցած եմ ու կը համագործակցիմ, օրինակ` Յարութ Փամբուկչեան, Արամ Ասատրեան, Յովիկ Գրիգորեան, Յարութ Խաչոյեան, Յարութ Յակոբեան եւ այլք:
Սխալ պիտի ըլլայ ըսել, որ արուեստագէտ եմ, որովհետեւ մասնագիտացած եմ ոսկերչութեան մէջ, բայց առիթներով կը նուագեմ, չեմ մոռնար: Այս օրերուն Հայաստանի մէջ նոյնպէս քանի մը համերգներու մասնակցած եմ, նուագած եմ Գաֆէսչեան կեդրոնին մէջ, «Սայաթ-Նովա» խումբին հետ:
– Գիտէք, ինծի հարց մը կը հետաքրքրէ. ծնած ու մեծցած էք հայրենիքէն հեռու, բայց շատ լաւ հայերէն կը խօսիք: Որուն պարտական էք` հայերէնին տիրապետելու համար:
– Զարմանալի է, բայց մեր օճախին մէջ հայրս, մայրս շատ չէին խօսիր հայերէն, հայրս շատ լաւ հայերէն գիտէր, կրնար գրել, բայց մեր ընտանիքէն ներս հիմնական սպաներէն կը խօսէին: Տատիկներս, պապիկներս Ատանայէն էին: Անոնք ալ թրքախօս էին եւ իրենց բառապաշարին մէջ շատ թրքերէն բառեր կը գործածէին:
Երբ 24 տարեկանիս տեղափոխուեցայ Ամերիկա, շատ քիչ հայերէն գիտէի: Իմ առաջին տունս Հոլիւուտի մէջ էր, եւ մեր շրջապատին մէջ շատ հայաստանցիներ կային: Կրնամ ըսել, որ վերջին պատրաստութիւնս` իբրեւ հայ, հայաստանցիներէն ստացայ: Առ այսօր ընկերներէս շատերը հայաստանցիներ են, որու համար շատ հպարտ եմ: Իրաւ, կան շատ տարբեր հայեր, բայց հայաստանցիները, չեմ ուզեր ոչ ոքի վիրաւորել, նեղացնել, ուրիշ են. Եւ´ արուեստագէտները, եւ´ սովորական մարդիկ տեսակ մը տարբեր են: Մինչեւ այսօր հայկական շրջանակս շատ մեծ է: Իմ հայաստանցի ընկերներէս հայերէն խօսիլ սորվեցայ, ինծի կը պակսէր միայն հայերէն գրելն ու կարդալը: Փա´ռք Տիրոջ, այսօր համալսարանին մէջ կրնամ այդ բացը լրացնել: Եւ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սփիւռքի նախարարութեան, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, բոլոր աշխատողներուն, որոնք կը կազմակերպեն այս ամէնը: Դասընթացները կ’օգնեն պաշտպանել մենք մեզի, պաշտպանել` լեզուով, որ կարենանք հայ մնալ:
– Փաստօրէն, այդ է պատճառը, որ կը մասնակցիք «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրին: Հետաքրքիր է, ինչպէ՞ս գիտցած էք ծրագիրին մասին:
– «Վերադարձ Հայաստան» («Repat Armenia») կազմակերպութեան տնօրէն Վարդան Մարաշլեան իմ մօտիկ ընկերն է: Ան ըսաւ, որ շատ հետաքրքիր ծրագիր կայ, որն ինծի համար կրնայ շատ օգտակար ըլլալ եւ պիտի կարենամ հայերէն գրել ու կարդալ սորվիլ: Եւ այսօր շատ ուրախ եմ, որ կը մասնակցիմ ծրագիրին, շատ ուրախ եմ, որովհետեւ հայաստանեան զգացումներն ինծի համար շատ կարեւոր են:
Գիտեմ, որ շատ դժուարութիւններ կան: Բայց մէկ բան կ’ուզեմ ըսել. երկիրը միայն 2-3 մարդ չի կառուցեր, երկիր կառուցելը բոլոր քաղաքացիներու գործն է: Ամէն մարդ պէտք է բան մը ընէ իր հայրենիքին համար: Յատկապէս հիմա` Սփիւռքը եւ Հայրենիքը միասին պէտք է աշխատին:
Բան մը կ’ուզեմ պատմել: Երբ կ’երթամ Ուրուկուէյ, կը հանդիպիմ ընկերներուս: Երբ մեր խօսակցութիւններուն ընթացքին խօսքը կը բացուի հայրենիքի վիճակին մասին, ես շատ հպարտ եմ, որ բոլորը կ’ըսեն, որ մեր կառավարութիւնը այսպէս կ’աշխատի, մեր պետական գործիչներն այսպէս կը մտածեն, այսինչ գործը կ’ընեն: Անոնք կ’ապրին Ուրուկուէյ, բայց չեն խօսիր Ուրուկուէյի մասին, կը խօսին Հայաստանի կառավարութեան մասին ու Հայաստանի կառավարութիւնը իրենցը կը համարեն: Ճիշդ է, մենք Ուրուկուէյէն ենք, Ամերիկայէն, բայց մենք մեզի 100 տոկոսով հայ կը համարենք, սա է մեր հայրենիքը, եւ սա է մեզ պահողը, օգնողը հայ մնալու: Այն հայը, սա իմ կարծիքս է, որ ոտք չի դներ հայրենիքի հողին վրայ, կրնայ դատել հայրենիքը, այս 3,5 միլիոն քաղաքացիները, կրնայ դատել այս հողը: Բայց այդ հայը, նախ եւ առաջ, թող գայ, թող իրականութեան մէջ տեսնէ, թէ ինչ դժուարութիւններ կան հայրենիքի մէջ, եւ նոր միայն խօսի, դատէ հայրենիքը: Ինչպիսի պայմաններու մէջ կ’ապրի հայրենիքը, մեր հարեւանները մուսուլմաններ են, բայց հազարամեակներ շարունակ մենք կրցած ենք քրիստոնեայ մնալ այս սուրբ հողին վրայ: Դիւրին գործ չէ հայրենիքը պաշտպանելը, եւ բոլոր հայերը պէտք է պահպանեն, պաշտպանեն մեր երկիրը:
– Ձեր առաջի՞ն այցն է Հայաստան:
– Այո´:
– Փաստօրէն, 54 տարեկանին առաջին անգամ եկած էք Հայաստան: Հետաքրքիր է, ինչպիսի՞ն են Ձեր տպաւորութիւնները, զգացողութիւնները:
– Պէտք է սկսիմ դրական բաներու մասին խօսիլ: Շատ հպարտ եմ, երբ կը քալեմ Երեւանի փողոցներով, շատ հետաքրքիր զգացողութիւններ կ’ունենամ, ինքզինքս ապահով կը զգամ, հանգիստ: Ոչ մէկուն կարիքը չունիմ բացատրելու` թէ ով եմ, որովհետեւ հայ եմ եւ կը քալեմ հայրենիքիս փողոցներով: Ամերիկայի մէջ, Ուրուկուէյի կամ այլ երկիրներու մէջ, ուր որ ճամբորդեմ, միշտ պէտք է բացատրեմ` թէ ով եմ: Ու այդ ժամանակ մօտաւորապէս այս երկխօսութիւնը կը ծաւալի.
– Դուն ո՞վ ես:
– Ես հայ եմ:
– Օհ, հա՞յ, ուրկէ՞ ես:
– Հայ եմ, որ ծնած է Ուրուկուէյի մէջ:
– Հետաքրքիր է, Ուրուկուէյի մէջ հայեր կա՞ն:
Ու կը սկսիմ պատմել, բացատրել: Այստեղ նման բացատրութիւն տալու կարիքը չունիմ: Կրնամ մտնել որեւէ վայր ու ըսել` բարեւ Ձե´զ, ինչպէ՞ս էք, ինչպէ՞ս է Ձեր անունը: Թամարա: Ուրախ եմ, Թամարա´ ջան, ես ալ պարոն Լափաճեանն եմ: Կը հասկնաք, կարիք չկայ շատ բան պատմելու, բացատրելու:
Նոր հայրենիքս կը տեսնեմ, ուրախ եմ նոր փողոցներ, նորակառոյց շէնքեր, շքեղ մեքենաներ տեսնելու: Հպարտ եմ այս ամէնուն համար, ուրախ, որ Անկախութենէն ետք որքան յառաջացած է Հայաստանը: Բայց սիրտս կը ցաւի, երբ փողոցին մէջ մուրացկաններ կը տեսնեմ, կը տեսնեմ, թէ ինչպէս մեր պապիկները, տատիկները փող կը մուրան: Չէ՞ որ մենք` հայերս, այսպիսին չենք, մենք շատ յարգանքով մարդիկ ենք, խաթրով, պատուով: Քանի մը անգամ հասարակական փոխադրամիջոց նստած եմ, հաճոյքով տեղը կը զիջեն պապիկներուն, կանանց, բայց երբ կը տեսնեմ մուրացող մարդոց` սիրտս կը ցաւի: Ես հաւատացեալ մարդ եմ, միշտ կ’աղօթեմ, որ այս հարցերը լուծուին Հայաստանի մէջ: Մեր կառավարութենէն բողոքելու փոխարէն` բոլորս պէտք է օգնենք, աղօթենք: Աղօթքը շատ մեծ ուժ ունի:
Այս օրերուն ընթացքին Հայաստանի շարք մը վայրեր այցլած եմ: Շատ կը ցաւիմ գիւղական շրջաններու կեանքին համար: Այս մասին ալ պէտք է մտածենք:
Գիտեմ, որ շատ բան կ’ընեն հայրենիքիս մէջ, բայց աւելին պէտք է ըլլայ, շատ աւելի դիւրին բաներ պէտք է առաջարկուին, որ խումբերով կարենան տեղափոխուիլ Հայաստան:
– Հետաքրքիր է, կը ցանկայի՞ք ապրիլ Հայաստանի մէջ:
– Շատ դժուար հարց է: Քիչ մը այստեղ, քիչ մը` Ամերիկա, կրնայ ըլլալ: Բայց ես` իբրեւ մարդ, շատ կարեւոր պատասխան ունիմ այս հարցին համար: Եթէ Աստուծոյ գրած ճամբան է, ես պէտք է հետեւիմ անոր կամքին: Այսինքն, եթէ կ’ուզէ` մեծ հաճոյքով…
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան