«Սփիւռք Ամառնային Դպրոց-2014» Սփիւռքահայ Երիտասարդները Հիւրընկալուեցան ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Յուլիս 31-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացքի մասնակիցները, ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն, այս տարի եւս այցելեցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան ԱԳ նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին ԱԳ նախարարի տեղակալը սփիւռքահայ երիտասարդներուն ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, տարբեր երկիրներու եւ տարածաշրջաններու հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած քայլերը, տարածաշրջանային խնդիրներու եւ ատոնց կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը, Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման ուղղուած քայլերը: ՀՀ Ագ նախարարի տեղակալն անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Հանդիպման աւարտին փոխնախարար Կարէն Նազարեան պատասխանեց սփիւռքահայ երիտասարդներու հարցերուն:

Scroll Up