Ռիազանի Հայ Համայնքի Ղեկավար Արամ Ղազարեանի Այցը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յուլիս 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռիազանի հայ համայնքի ղեկավար, գործարար, բարերար Արամ Ղազարեանը:
Նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ գործիչի` հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերը եւ մայրենի լեզուի պահպանման, զարգացման եւ տարածման, Հայաստան – Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ ունեցած աւանդի եւ համայնքային կեանքին գործուն աջակցութեան համար Ռիազանի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի 20 ամեակի առթիւ Արամ Ղազարեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալով:
Նախարար Հ.Յակոբեան յորդորեց առաւել աշխուժացնել համայնքին մէջ մայրենի լեզուի պահպանման ուղղուած ջանքերը եւ Հայրենիքի հետ կապը: Արամ Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան նման բարձր պարգեւի արժանանալուն համար եւ նշեց, որ կը շարունակեն աշխոյժ համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ:
Արամ Ղազարեան ծնած է Սուրիա: Այնուհետեւ ընտանիքը տեղափոխուած է բնակութեան Հայաստան: Ա. Ղազարեան ուսանած է Ռիազանի գիւղատնտեսական ինստիտուտին մէջ: 1996 թուականէն կը ղեկավարէ «Արմանդ» ընկերութիւնը:
2010 թուականէն Ռուսաստանի հայերու միութեան Ռիազանի տարածաշրջանային բաժանմունքի ղեկավարն է, կը զբաղի բարեգործութեամբ: