Պոլսոյ 85-Ամեայ «Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս» Երգչախումբը Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/36.jpg)
Յուլիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Պոլսոյ «Լուսաւորիչ Դպրաց դաս» երգչախումբին` գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Մամիկոնեանի եւ ատենապետ Յակոբ Սաֆարեանի ղեկավարութեամբ:
Նախարարը բարձր գնահատեց 85-ամեայ երգչախումբի գործունէութիւնը: «Դուք դարերով էք խօսում` մատուցելով հայկական երգը պոլսահայ համայնքին: Դուք ելոյթ էք ունեցել Պոլսի պատրիարքարանի 550-ամեակին նուիրուած հանդիսութեանը եւ այլ պատմական հանդիսութիւնների ժամանակ», – ընդգծեց նախարար Հ.Յակոբեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագիր Մաքրուհի Յակոբեանին` երգչախումբի ելոյթը հայրենիքի մէջ կազմակերպելու գործուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար:
Իրենց հերթին շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը կազմակերպելուն եւ փառատօնի ծիրէն ներս պոլսահայ երգի եւ պարի համոյթներուն դրսեւորուելու բացառիկ հնարաւորութեան համար` Յակոբ Սաֆարեան նշեց, որ այս այցը երգչախումբի 36 անդամներէն շատերուն համար աննախադէպ հնարաւորութիւն է առաջին անգամ տեսնելու Հայաստանի տեսարժան վայրերը, ճանչնալու եւ ընկերանալու անկախ Հայաստանի մէջ բնակող իրենց հայրենակիցներուն հետ:
Հանդիպման աւարտին երգչախումբի անդամները իրենց հարցերը ուղղեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարին: