«Հայ Պարարուեստը Երէկ Եւ Այսօր» Թեմայով Գիտագործնական Համաժողով «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/unnamed-170.jpg)
Յուլիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ազգային երգի ու պարի դասընթացքի մասնակիցները հանդիպեցան Հայաստանի հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի պարարուեստի գործիչներու միութեան ղեկավար, «Բերդ» պարախումբի գլխաւոր պարուսոյց Կարէն Գէորգեանին:
«Հայ պարարուեստը երէկ եւ այսօր» թեմայով գիտագործնական համաժողովի մասնակիցները ծանօթացան հայկական պարի պատմութեան, անոր սկզբնաւորման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ բացառիկ պարանմուշներուն, որոնք հազարամեակներ շարունակ ուղեկցած են հայ ժողովուրդին, եղած անոր ինքնաբացայայտման ամենավառ կերպերէն մէկը:
Ներկաները Կարէն Գէորգեանին ուղղեցին հայ պարարուեստի պահպանման, ատոնց հանրահռչակման, Սփիւռքի մէջ հայկական պարերու ուսուցման առնչուող խնդիրներու վերաբերեալ իրենց յուզող հարցերը: