Տիրան Լոքմագեօզեան.« 100-Ամեակով Չաւարտիր Ոչինչ, Այլ Կը Սկսի Ամէն Ինչ»

 «Մինչեւ 50-րդ տարելիցը  չէր խօսուիր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց 1965 թ. Երեւանի մէջ, ժողովուրդը դուրս եկաւ փողոց … եւ անկէ ետք կոթող հիմնուեցաւ… Իսկ արտասահմանի մէջ մեր ձայնը լսելի չէր, եւ միայն Ասալա-ի գործողութիւններէն ետք էր որ լսելի դարձաւ»:

Յուլիս 23-ի երեկոյեան Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած, իրանահայ անկախ կառոյցներու միասնական նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած անդրանիկ ձեռնարկը` թրքագէտ Տիրան Լոքմագեօզեանի բանախօսութեամբ:

Ծրագիրի սկիզբը Իսլամական ազատ համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչ եւ դասախօս դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան իր օրուան խորհուրդի նշանակութիւնը շեշտաւորող բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց բանախօսը:

Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան ոտնահարուած իրաւունքներու ձեռքբերումներու մասին խօսելով, օրուան բանախօս թրքագէտ Տիրան Լոքմագեօզեան քննադատեց, իր բնորոշմամբ «Հայու յատուկ միամտութիւնը» , որ կը մոռնայ գայլի յօշոտող բնազդը: Ան շեշտեց, որ «ճանչնալու, իմանալու խնդիրը ամենակարեւոր խնդիրն է մեր գործին մէջ», որպէսզի կարենանք ըստ այդմ դիմել հակաքայլի` «Գիտակցինք, որ եթէ կը ճանչնաս հակառակորդը, արդէն կիսով չափ յաղթեցիր»:

Լոքմագեօզեան կարեւորութեամբ յիշատակեց, որ «Մինչեւ 50-ամեակը չէր խօսուիր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց 1965 թ. Երեւանի մէջ, ժողովուրդը դուրս եկաւ փողոց … եւ  կոթող հիմնուեցաւ.. Իսկ արտասահմանի մէջ մեր ձայնը լսելի չէր, եւ միայն Ասալա-ի գործողութիւններէն ետք էր որ լսելի դարձաւ»: Ան աւելցուց` «Այն օրերուն ես Գերմանիա էի, այնտեղ էր նաեւ Էտիկ Յովհաննիսեանը, որ կ’ըսէր. «Մենք մեծ գումարներ կը ծախսէինք որ մի քանի տող գրեն մեր մասին ու չէինք յաջողիր, իսկ ասոնց մէկ փամփուշտը շատ բան գրել տուաւ»:

Լոքմագեօզեան աւելցուց, որ հայկական նորագոյն պայքարի սկզբնական շրջանին թուրքերը փորձեցին ամէն ինչ թեթեւի առնել ու մոռացութեան տալ, իսկ երբ տեսան չի դադրիր ընթացքը` չկրցան լուռ մնալ եւ պարտաւորուեցան խօսիլ` այս անգամ տարբեր սուտեր յօրինելով…:

«Հայաստանի անկախութենէն ետք մեր գործը աւելի դժուարացաւ»,- ըսաւ բանախօսը` աւելցնելով, որ մեր քով կը պակսի կազմակերպուած աշխատանքը, ինչ որ թուրքերու մօտ հակառակն է:

 «Ամէն մէկ հայ ցեղասպանութեան փաստ է: Մենք, որպէս հայ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին փաստերու պէտք չունինք, ատոնք առաջին հերթին պիտի հրապարակենք թրքերէն, ապա միջազգային լեզուով` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն եւ վերջաւորութեան նոր հայերէն»,- նշեց ան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ յառաջացած վերջին փոփոխութիւններուն Լոքմագեօզեան ըսաւ. «Գորշ գայլերէն ես այսօր այնքան վտանգ չեմ տեսներ, այլ կը վախնամ անոնցմէ, որոնք հայամէտ քաղաքականութիւն կը խաղան: Ես կը վախնամ կեղծաւորներէն, որոնք կ’ըսեն հայերէն պէտք է ներողութիւն խնդրել, բայց չեն ընդունիր Ցեղասպանութիւնը եւ, ի հարկէ, խիստ դէմ են հատուցմանը»:

Ան յայտնի արձանագրութիւնները հայերու դէմ լարուած որագայթներէն մէկը համարեց եւ ապա խօսելով Սեւրի եւ Լոզանի պայմանագիրներու մասին ըսաւ. «Թուրքերը շատ կը հպարտանան Լոզանի պայմանագիրով եւ այն կը համարեն իրենց հանրապետութեան հաստատող պայմանագիրներէն ամենակարեւորը, սակայն հետաքրքիր է իմանալ, որ Լոզանի պայմանագիրին մէջ ճշդուած է Թուրքիոյ բոլոր սահմանները բացի արեւելեանէն, այդ սահմանը բաց  ձգուած է եւ ատիկա մեր շահին է»:

Տիրան Լոքմագեօզեան իր խօսքի վերջաւորութեան շեշտեց, որ 100-ամեակով չաւարտիր ոչինչ, այլ կը սկսի ամէն ինչ եւ ապա հարցերուն տուաւ սպառիչ պատասխաններ:

Դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան եզրափակելով երեկոն ըսաւ. «Ասալա-ի կազմակերպած Փարիզի պատմական «Վան» գործողութիւնը շատ բաներ փոխեց ֆրանսահայու ու Ֆրանսայի կեանքին մէջ: Ֆրանսայի նախագահը, որ այդ օրերուն պիտի խօսէր իրաւազրկուած ժողովուրդներու մասին, իր ելոյթին մէջ յիշատակած չէր իրաւազրկուած հայ ժողովուրդի անունը, որն այնուհետ աւելցաւ: Իսկ այսօր Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հերքողը կը դատուի այդ երկրին մէջ: Այսօր, բարեբախտաբար, պետութիւն ունինք, որ պէտք է պետականօրէն այս ուղղութեամբ աշխատանք ծաւալէ ու մենք ամէն մէկս պէտք է մեր վրայ պարտք զգանք ինչ-որ քայլ կատարելու 100-րդ տարելիցին առիթով»:

«Արաքս» շաբաթաթերթ, Թեհրան

Scroll Up