Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիահայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն

Քանի մը օրեր առաջ Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Առաջնորդ սրբազանը մանրամասնօրէն զեկուցեց վեհափառ հայրապետին ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի, Ճեզիրէի, Լաթաքիոյ ու Քեսապի մէջ կայք հաստատած հայորդիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Ան նաեւ զեկուցեց համայնքային պատասխանատուներուն եւ Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն մասին:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց պատասխանատու մարմիններուն կատարած աշխատանքները` մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ անոր կարիքներուն օգտակար ըլլալու իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ կիրակի, 27 յուլիս 2014-ին, Շահան սրբազան պիտի կատարէ Գարատուրանի (Քեսապ) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին վերաօծումը, ուր Վարդավառի տօնին առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:

Իր կատարելիք այցելութիւններուն ընթացքին առաջնորդ սրբազանը մօտէն տեղեակ պիտի դառնայ տեղափոխուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն, որպէսզի համապատասխան անհրաժեշտ միջոցներն ու օժանդակութիւնները տնօրինուին:

«Ազդակ»

Scroll Up