Էրեբունի Վարչական Շրջանի Ղեկավարի Տեղակալ Ալեքսան Խաչատրեան Հիւրընկալած Էր Արիտունցիները

Յուլիս 19 -ին Էրեբունի վարչական շրջանի ղեկավարի տեղակալ Ալեքսան Խաչատրեան հիւրընկալած էր «Արի տուն» ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները եւ հիւրընկալ ընտանիքները:

Հանդիպման ընթացքին ծրագիրի մասնակիցները պատմեցին Երեւանի մէջ անցուցած օրերուն, իրենց ստացած տպաւորութիւններուն ու դարձեալ Երեւան գալու եւ էրեբունիի մէջ բնակութիւն հաստատելու մասին: Վարչական շրջանի ղեկավարի տեղակալը մասնակիցներուն յանձնեց նաեւ յուշանուէրներ: Այս մասին կը տեղեկանանք Էրեբունի վարչական շրջանի ֆէյսպուքեան էջէն:

Scroll Up