Եւս 124 Արիտունցիներ Մեկնեցան Ճամբար` Մայրենին` Իրենց Սրտին ՄԷջ. լուսանկարներ, տեսանիւթ
Յուլիս 18-ին աւարտեցին «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի հայոց լեզուի դասընթացները: Խումբերուն մէջ կային երեխաներ, որոնք տառաճանաչ չէին կամ մասամբ կը տիրապետէին հայերէնին: Ուսուցիչները ջանացին կարճ ժամանակահատուածի մէջ լրացնել անոնց Մայրենիի իմացութեան պակասը: Այս փուլին մէջ զարմանալիօրէն շատ էին երեխաներու թիւը, որոնց համար ուսուցիչները դարձան Մայրենիի առաջին ուսուցանողները:
Ոգեւորութիւնը երկուստեք էր, որ եզրափակուեցաւ գրական-երաժշտական համադրութեամբ: Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ ՀՀ օրհներգով, որուն յաջորդեց «Այբ, բեն, գիմ» երգը. այն համեմուեցաւ ազգագրական խրոխտ պարով, այնուհետեւ խմբային ասմունքով:
Երգեցիկ արեւմտահայերէնով ներկայացուեցաւ Վ. Թէքէեանի «Տաղ հայրենի լեզուի» ոգեշունչ բանաստեղծութիւնը: Պատկերազարդ ցուցանակներով բացայայտուեցաւ հայու 7 սրբութիւնները, այնուհետեւ հնչեց Է. Չարենցի` հայու համար օրհներգ դարձած «Ես իմ անուշ Հայաստանի…» արեւահամ տողերը: Մեծանուն Չարենցի բառերուն միացան մեծ մտածողներու մտորում-ասոյթները հայոց լեզուի մասին: Ձեռարկը աւարտեց «Հայ ենք մենք» պարերգով: Ձեռնարկին ընթացքին նկարուեցաւ «Արի տուն» խորհրդանիշ-պաստառը:
Աւարտին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան: «Չարենցի հայրենասէր շունչը կրող դպրոցի ուսուցիչները` տնօրէն Անահիտ Խեչումեանի գլխաւորութեամբ, մեծ աջակցութիւն են ցուցաբերում «Արի տուն» ծրագրին եւ հայրենանուէր ու հայապահպան գործին»,-նշեց իր խօսքին մէջ Սիրվարդ Համբարեան:
4-րդ փուլի ուսուցիչներ`
Շողիկ Փահլեւանեան,
Գայեանէ Բարսեղեան,
Այտա Օհանեան,
Սերա Շահինեան,
Մաքրուհի Գէորգեան,
Նարինէ Գէորգեան,
Լուսինէ Հայրիյեան,
Գայեանէ Բաբլոյեան:
Յիշեցնենք, որ այս փուլին կը մասնակցին 124 պատանի ու աղջիկ` Ռուսաստանէն , Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Պելճիգայէն, Պելառուսէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Հոլնատայէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Ղազախստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: