«Թուրքերը 1.5 Միլիոն Հայ Ջարդեցին, Եւ Էրտողան Մե՞զ Ցեղասպանութեամբ Կ՛ամբաստանէ».Եիսրայէ Քաց

«Իսրայէլ Նեշընըլ Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի փոխադրամիջոցներու նախարար, իշխող Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Եիսրայէլ Քաց հակադարձած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի: Վերջինս Իսրայէլը ամբաստանած էր Կազայի մէջ «կանոնաւոր կերպով ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով:

Աղբիւրը կը գրէ. «Քաց Դիմատետրի իր էջին վրայ Էրտողանին յիշեցուց Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ 1915-ին աւելի քան մէկ միլիոն հայեր սպաննուեցան օսմանցի զինուորներու կողմէ»:

«1915-ին թուրքերը մէկուկէս միլիոն հայ սպաննեցին, եւ ան ցեղասպանութեամբ կ՛ամբաստանէ մեզ, որ իսլամական շարժումին մէջ իր բարեկամներուն դէմ կը կռուինք: Ո՞վ այսպիսի անձի մը հետ յարաբերութիւն ունենալ կ՛ուզէ», նշած է իսրայէլացի նախարարը:

«Ազդակ»

Scroll Up