«Արի Տուն» Ծրագիրի մասնակիցները Հիւրընկալուեցան ՀՀ Ոստիկանութեան Զօրքերու Թիւ 1033 Զօրամասին Մէջ

Յուլիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակիցները հիւրընկալուեցան ՀՀ ներքին զօրքերու թիւ 1033 զօրամասին մէջ:
Արիտունցիներուն ողջունեց զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Գուրգէն Գրիգորեան, ան փոխանցեց նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանի խօսքը: Ձեռնարկին կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ ՀՀ ոստիկանութեան բոլոր ծառայութիւնները մշտապէս կ’աջակցին Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու իրականացման:
Ծրագիրի մասնակիցները ծանօթացան զօրամասի առօրեաին, ականատես եղան զինավարժութիւններուն:
Սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները ծաղիկներ դրին Արցախեան ազատամարտին զոհուած հերոսներուն եւ զօրամասի զոհուած ծառայողներու յուշապատին մօտ: Անոնք մոմ վառեցին զօրամասի Սբ. Մարիամ Աստուածածին մատուռին մէջ:
Համերգային ծրագիրով հանդէս եկաւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Արուս Գուլանեան:
Այնուհետեւ արիտունցիները ճաշեցին զինուորական ճաշարանին մէջ:
Նշենք, որ «Արի տուն» ծրագիրի բոլոր փուլերու առաջին շաբթուան ուրբաթ օրը հայրենասիրական դաստիարակութեան օր է. մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուր պանթէոն, ուր անոնց կը ծանօթացնեն Արցախեան ազատամարտի պատմութեան ու կը ներկայացնեն հերոսներուն: Երեխաները ծաղիկներ կը դնեն զոհուած ազատամարտիկներու շիրմներուն, եկեղեցւոյ մէջ մոմ կը վառեն, կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` հնչեցնելով «Յիշում եմ եւ պահանջում» կարգախօսը:
Այնուհետեւ անոնք կը հիւրընկալուին Հայաստանի զօրամասերէն մէկուն մէջ: