ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Հաղորդակցութեան Միջոցներու 2-րդ Համագումարի Մասնակիցները
Յուլիս 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց յուլիս 15-17 Երեւանի մէջ կայացած Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարի մասնակիցները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարն ուրախութեամբ նշեց, որ Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու եռօրեայ համագումարին զեկուցումներու ու քննարկումներու միջոցով ներկայացուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող եկեղեցական ԶԼՄ-ներու գործունէութիւնը:
Բարձր գնահատելով Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի ծաւալած հայագիտական, հոգեւոր, ստեղծագործական գործունէութիւնը, տասնամեակներու վաստակը` նախարարը նշեց. «Այս բոլոր ոլորտներում բերելով Ձեր հսկայածաւալ ներդրումը, Դուք հասցրել էք զբաղուել նաեւ խմբագրական գործունէութեամբ: Հպարտ եմ, որ ճանաչում եմ Ձեզ եւ Ձեր ժամանակակիցն եմ»:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ՆՀ-128-Ա հրամանագիրով պարգեւատրուած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան անդամ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին յանձնուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» մետալը` հայ մշակոյթի, գրականութեան, կրթութեան, բնագաւառներուն մէջ ունեցած ստեղծագործական ակնառու նուաճումներուն համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով պետական մրցանակ ստանալու համար` Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան յաջողութիւններ մաղթեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն:
Արժեւորելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալու, մատաղ սերունդի, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան ասպարէզին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով ծաւալած ազգային հասարակական գործունէութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ, Հայ Կոթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով:
«Սիրիայի պատերազմական գործողութիւնների հետեւանքով տուժած հազարաւոր սիրիահայերին օգնելու նպատակով Դուք բացեցիք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցու դռները բոլոր կարիքաւորների առջեւ: Օգնում էք նաեւ Հայաստանի մարզերի կարիքաւոր բնակչութեանը եւ այդ ամէնն անում էք համեստութեամբ: Դուք մեր նախարարութեան լաւագոյն բարեկամն ու յենասիւներից մէկն էք», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին արժանանալու համար` Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան նշեց, որ պարգեւը կ’ընդունի որպէս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութեան մեծ գնահատանք:
Հայապահպանութեան ոլորտին մէջ, մայրենի լեզուի պահպանման ու զարգացման գործին ցուցաբերած նուիրումի, մեծ ջանքերու, սփիւռքահայ երիտասարդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար նախարար Հ.Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց ԱՄՆ-ի մէջ բնակող հայագէտ, դոկտոր Հրանդ Աճեմեանին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւի համար` 8 գիրքի հեղինակ («Հայ յուշարձաններու հրաշակերտ ուժը» (Թեհրան), «Յուշամատեան Կեդրոնական վարժարանի 100-ամեակի» (Փարիզ), «Խաչատուր Աբովեան եւ արեւելահայ գրական վերածնունդ» (Անթիլիաս) եւ այլն) դոկտոր Աճեմեան նշեց, որ այս գնահատանքը նաեւ պարտաւորեցնող է հայագիտական աշխատանքները նոր ոգով շարունակելու համար:
Բարձր գնահատելով Սարգիս Նաճարեանի լրագրողական, հասարակական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարելով անոր դերակատարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան լիբանանահայ հասարակական գործիչ, «Մասիս» ամսագիրի խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեանին պարգեւատրեց «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով:
«Դուք 2012թ.Պէյրութում նշել էք Ձեր լրագրողական գործունէութեան կէս դարը, որը մասամբ ամփոփուած է նաեւ Ձեր «Դէմ առ դէմ» ստուար հատորում: Այն հայրենիքում եւ Սփիւռքում ունեցած ուշագրաւ հանդիպումների նկարագրութիւնների մի մասն է: Յիշում եմ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրումից անմիջապէս յետոյ Դուք առաջինն էիք, որ հարցազրոյց վերցրիք ինձանից», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւի համար` պարոն Նաճարեան հաւաստիացուց. «Սիրելի՛ տիկին նախարարուհի, ուշադրութեամբ հետեւելով նախարարութեան գործունէութեան եւ յատկապէս «Արի տուն» ծրագիրին` վստահաբար կրնամ ըսել, որ ասկէ աւելի քան հինգ տարի առաջ Ձեր կողմէ տրուած հարցազրոյցին նշած բոլոր ծրագիրները իրականութիւն դարձած են եւ կը շարունակեն ընդլայնուիլ: Նախարարութեան ստեղծումէն ետք Սփիւռքի մէջ ապրողներուս համար ճանաչելի դարձան այնպիսի վաստակաւոր, տաղանդաշատ գործիչներ, որոնց մինչ այդ չէինք ճանչնար: Կը կարծեմ` սա մեծագոյն հանրագումարն է այն բոլոր ծրագիրներուն, որ իրագործած էք դուք»:
Նախարարը Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարի մասնակից բոլոր լրագրողներուն հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբերին կայանալիք «Հայոց Ցեղասպանութիւն 100. ճանաչումից պահանջատիրութիւն» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովին» եւ առաջարկեց դիտել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու մասին պատմող ֆիլմ: