Օր 8-րդ. Հայրենիքի Իւրայատուկ Ողջոյնը` «Իմ Հայաստան» Փառատօնի Մասնակիցներուն
Յուլիս 8-ին «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասնակիցներու այցելութեան հերթական վայրը Սիւնիքի եւ Վայոց ձորի մարզերն էին:
Նախ Քոււէյթի «Շաքէ», Ախալքալաքի «Վաչիան», Վոլգոգրադի «Արտոյտ», Գրասնոդարի «Արմաւիր», Ուքրանիոյ «Արմէնիա», Սոչիի «Նայիրի», Փեատիգորսկի «Անի», Ռոստովի «Արփի», Լիպեցկի «Կռունկ» պարախումբերու բացօթեայ համերգն էր Սիսիանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ:
Պահ մը հանդիսատեսի վերածուած էին սփիւռքահայ պարախումբերը, ե րբ անոնց համար ելոյթ կ’ունենային Սիսիանի մանկական կեդրոնի սաները, սիսիանցի երիտասարդ երգչուհի Անոյշ Աղաջանեանը:
Հերթն արդէն սփիւռքահայ պարախումբերունն էր, որոնց ծափահարելու, պարը տեսնելու համար մարզադաշտ շտապած էին հարիւրաւոր սիսիանցիներ: Սիսիանի քաղաքապետ Աղասի Յակոբջանեանը, քաղաքապետարանի մշակոյթի բաժինի պետ Սլաւիկ Դադաշեանը եւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեանը նոյնպէս կը հետեւէր փառատօնի մասնակիցներու ելոյթներուն:
Սփիւռքահայ երիտասարդներու գեղեցիկ եւ յուզիչ պարը շատ ոգեւորած էր սիսիանցիներուն, որոնք իրենց շնորհակալութիւնը, երախտագիտութիւնը կը յայտնէին ոչ միայն բարձր ծափահարութիւններով ու բացականչութիւններով, այլեւ` գեղեցիկ ծաղկեփունջերով: Իսկ համերգի աւարտին անոնք եւս միացան սփիւռքահայ պարախումբերու միասնական պարին:
Համերգային գեղեցիկ ծրագիրն աւարտեց, բայց սիսիանցիները չէին շտապեր հեռանալ մարզադաշտէն: Անոնք շրջապատած էին մասնակիցներու հանրակառքերն ու շնորհակալական, գովեստի խօսքեր կ’ըսէին սփիւռքահայ երիտասարդներուն, որոնք երբեմն ոչ վարժ հայերէնով, օտար լեզուով շնորհակալութիւն կը յայտնէին ու կը ժպտէին:
Եղան նաեւ սիսիանցիներ, որոնք մասնակիցներու շարքերուն գտան իրենց հարազատներուն. անոնց յուզմունքն ու ուրախութիւնը կրկնակի էր:
Փառատօնեան հերթական օրն աւարտեց Նորավանքի վանական համալիր այցելութեամբ, ուր անձրեւն անգամ չխանգարեց մասնակիցներուն շրջելու համալիրով ու պարելու, պարելու անձրեւին տակ` թրջուած հագուստով ու ջերմացած սրտով: Անձրեւն առաւել ոգեւորած էր Քոււէյթի «Շաքէ» պարախումբի աղջիկներուն, որոնք խոստովանեցան, որ Քոււէյթի մէջ անձրեւ տեսնելն արդէն եզակի երեւոյթ է, իսկ պարելը` առաւել եւս:
Անձրեւէն ետք երկինքը զարդարած կրկնակի ծիածանը մասնակիցներուն համար կարծես հայրենիքի իւրայատուկ ողջոյնը ըլլար ու յաղթական կամարը…
Լուսինէ Աբրահամեան, Սիսիան-Նորավանք