Արմէն Հայրապետեան Նշանակուած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի որոշմամբ Արմէն Հայրապետեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ:

***
Արմէն Հայրապետեան

Տարեթիւ, ամսաթիւ, ծննդավայր
7 մայիս 1961 թ., ք. Երեւան

Կրթութիւն
1978 – 1983 թթ. – Երեւանի Վ. Բրիւսովի անվ. ռուսաց եւ օտար լեզուներու պետական մանկավարժական ինստիտուտ, պատմութեան եւ անգլերէնի բաժանմունք

Աշխատանքային գործունէութիւն
1983 թ. – Արտաշատի շրջանի Դէմիտրովի միջն. դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ

1985-1986 թթ. -Արտաշատի շրջանի Դէմիտրովի միջն. դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ

1986 -1991 թթ. – ՀԼԿԵՄ Կեդրոնական կոմիտէի` ուսանող երիտասարդութեան բաժինի հրահանգիչ,  բաժինի վարիչ, միջազգային յարաբերութիւններու եւ սփիւռքի հետ համագործակցութեան բաժինի վարիչի տեղակալ

1991 – 1992 թթ. – «Սփիւռք» ընկերակցութեան փոխնախագահ

1992 թ. առ այսօր – «Մարկ Ինտերնէյշնլ» ՍՊԸ-ի փոխնախագահ, գլխաւոր տնօրէն

2010 – 2011 թթ. – ՌԴ «Եամա վ Շչերբինկէ» ՍՊԸ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ

2011 – 2012 թթ. – ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ

2014 թ. յուլիս 7-էն` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ

Այլ տուեալներ
1983 -1985 թթ. ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ, լէյտենանտ: Կը տիրապետէ ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:

Կուսակցական պատկանելութիւն
Անկուսակցական

Անձնական տուեալներ
Ամուսնացած է:

Scroll Up