Մեկնարկեց §Արի Տուն» 2014թ Ծրագիրի Երրորդ Փուլը

Յուլիս 7-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան §Արի տուն» 2014թ. ծրագիրի երրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. §Բարով էք եկել Հայրենիք, բարով էք եկել տուն: Մեր ծրագրի առաքելութիւնն է օգնել ձեզ` ճանաչելու Հայաստանը, ծանօթանալու ազգային մշակոյթին, աւանդոյթներին ու սովորոյթներին: Մեր նպատակը կորչող արմատների, հեռացող արժէքների վերականգնումն ու պահպանումն է: Այս ծրագիրը վերադարձնում է յիշողութիւնը ազգային նիստուկացի, սովորութիւնների մասին: Այն ուղղուած է հայկական դիմագիծը, մեր միասնականութիւնը պահելուն: Ես համոզուած եմ, որ այս օրերին ձեր մէջ արթնանալու է հայկականութեան գենը: Եւ կ’ուզէի, որ Հայաստանի մասին խօսելիս ասէք` իմ երկիրը, իմ տունը: Բարով էք եկել ձեր տուն»:

Ելոյթ ունեցաւ §Արի տուն» 2014թ ծրագիրի երրորդ փուլի ամենաշխուժ համայնքի` Քանաքեռ-Զէյթունի պատասխանատու Աւետիս Շահումեանը:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր գերատեսչութիւններուն ու կառոյցներուն, որոնք իրենց աւանդը կը ներդնեն ծրագիրի իրականացման գործին:

Հիւրընկալ ընտանիքներու անունէն ելոյթ ունեցաւ Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի ներկայացուցիչ Մաղաքեան Լեռ-Լեւոնը, որ արդէն  քանի մը անգամ հիւրընկալած է ծրագիրի մասնակիցները:

§Արի տուն» 2014թ ծրագիրի երրորդ փուլին մասնակցելու համար Հայրենիք ժամանած են  170  պատանի եւ երիտասարդ ԱՄՆ-էն, ՌԴ-էն, Լեհաստանէն, Պելճիգայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Իսրայէլէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն: Այս փուլի մասնակիցներուն պիտի ուղեկցին նաեւ սուրիահայ ուսանողներ Շաղիկ Շադոյեանը եւ Արէս Ռէյիսեանը:

Ծրագիրի մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ արդի տեսարժան վայրերուն, կ’ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կ’առնեն Հայրենիքի մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Ծրագիրի վերջաւորութեան ճամբարային 5 օրերը մասնակիցները կ’անցնեն Ծաղկաձորի մէջ:

Scroll Up