Մշակութային Գիւմրին Գրկաբաց Ընդունեց «Իմ Հայաստան» Փառատօնի Մասնակիցները…
Հառիճավանք կատարած այցելութենէն ետք «Իմ Հայաստան» փառատօնի պարարուեստային օրերու մասնակիցներուն Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամադիկական թատրոնին մէջ համերգ կը սպասէր: Դեռ համերգային ծրագիրը չսկսած` քաղաքին մէջ աշխոյժ անցուդարձ տեղի կ’ունենար. բնակիչները` մեծ ու փոքր, կը շտապէին ներկայ գտնուելու փառատօնին:
Անոնցմէ քանի մը հոգիի հետ զրուցեցինք, որոնք հետեւեալը ըսին. «Անհամբերութեամբ սպասած ենք այս օրուան, որ տեսնենք օտար ափերու մէջ գտնուող մեր երեխաները ինչպէս ելոյթ պիտի ունենան եւ պարային ինչ կատարումներ պատրաստած են, իսկ մենք անոնց պիտի ողջունենք ծափողջոյններով եւ մեր ներկայութեամբ»:
Համերգը բացուեցաւ Վրաստանի «Ջէյրան» խումբի «Ո՛վ հայոց աշխարհ» կատարմամբ: Պարային ելոյթները կ’ընդհատուէին «Գիւմրիի ժողովրդական գործիքներ» համոյթի երգիչներու` Մուրադ Մալխասեանի, Նուարդ Յարութիւնեանի եւ Կարէն Մայիլեանի երաժշտական կատարումներով, որոնք իրենց երգերով ողջունեցին փառատօնին մասնակից պարային խումբերը:
Իրենց ներկայութեամբ փառատօնային երեկոն պատուելու եկած էին Շիրակի փոխմարզպետներ Սէյրան Պետրոսեան, Յարութիւն Արշակեան, մարզպետարանի մշակոյթի բաժինի պետ Վաչագան Վարդանեան եւ մարզային իշխանութիւններու այլ ներկայացուցիչներ: Հարկ է նշել, որ համերգային ծրագիրը անցաւ լեփ-լեցուն դահլիճի մէջ` գիւմրեցիներիներուն յատուկ ջերմ ու բուռն ծափերու ներքոյ: Փառատօնի աւարտին իր խօսքն ըսաւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գիւմրիի ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար եւ շնորհաւորեց փառատօնի պարային խումբերը, որ փայլուն ելոյթ ունեցան:
Գէորգ Չիչեան