«Հայաստան» Հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիոյ Տեղական Մարմինը Հայաստանի Ծայրամասերը Ապրող Գիւղացիներուն Առօրեայ հոգսերը Կը թեթեւցնէ
Նուէրներուն առթիւ պզտիկներուն հետ ուրախանալու եւ բարերաներուն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու համար գիւղացիները եկած էին հրապարակ: Մէկ կողմէ պզտիկները խինդով եւ հետաքրքրութեամբ պայուսակները կը բանային, միւս կողմէ՝ բարձր դասարանի աշակերտները նուէրները առնելով տուն կ’աճապարէին:
Հաւաքուած գիւղացիները իրարու հետ կը խօսէին նուէրներուն եւ իրենց պզտիկներուն ուրախութեան մասին: Իսկ դպրոցական աշակերտ ունեցող մայրերն ու հայրերը, գնահատելով տեղի ունեցածը, կ’ուրախանային իրենց պզտիկներուն ուրախութեամբ: Հոն էր նաեւ չորս թոռնիկ ունեցող Ռոզա մեծ-մայրիկը, որ անակնկալ նուէրներէն յուզուած, կ’ըսէր որ զիրենք ուրախացնելու համար պզտիկ բան մըն ալ կը բաւէր, որովհետեւ կարեւորը ցոյց տրուած հոգատարութիւնն է, հային հայուն հանդէպ սէրը, իրարու զօրավիգ եւ նեցուկ ըլլալը:
Նուէրները բաժնելու համար Լոնտոնէն եկած Անահիտ Ղազարեանը ներկաներուն խոստացաւ որ դէմքերուն վրայ իր տեսած գոհունակութեան արտայայտութիւնը եւ պզտիկներուն ուրախութիւնը պիտի հաղորդէ Բրիտանիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Անցած 11 տարիներու ընթացքին Շիրակի, Լորիի, Տաւուշի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու մօտաւորապէս 2200 աշակերտ այս ծրագիրին ծիրէն ներս ստացած են օգնութիւն:
Ծրագիրի պատասխանատու՝ Մարիամ Զէնճիրճեան