Օր 3-րդ.Վանաձորը Հիւրընկալեց «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Մասնակից Պարախումբերը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/Untitled1.jpg)
Յուլիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի պարարուեստի օրերու ծիրէն ներս Սփիւռքէն ժամանած 9 պարախումբեր այցելեցին քաղաք Սպիտակ եւ ծաղիկներ դրին Երկրաշարժի զոհերու յուշարձանին առջեւ:
Այնուհետեւ Վանաձորի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի պալատի համերգասրահին մէջ կայացաւ համերգ, որուն մասնակցեցան Լիբանանի` «Արին», Թիֆլիսի «Անի», Ջաւախքի «Ջաւախք», Մայկոպի «Նայիրի», Ուքրանիոյ «Արաքս», Խաբարովսկի «Շիրակ», Ֆրանսայի «Արա», Թիֆլիսի «Ջէյրան», Թերպսիխորայի «Պեատիգորսկ» պարախումբերը:
Իրենց կատարումներով փառատօնի մասնակիցներուն ողջունեցին Վանաձորէն շուիահար Սարգիս Ալեքսանեանը, տուտուկահար Վահան Սոֆեանը, երգիչ Աշոտ Մխիթարեանը, Վանաձորի «Անի» պարային համոյթը, ասմունքող Իւան Անտոնեանը:
Լոռի մարզպետարանի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան վարչութեան մշակոյթի բաժինի վարիչ Արամ Ռեւազեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` փառատօնը կազմակերպելու եւ այսպիսով Հայրենիք-Սփիւռք կապերն առաւել մերձեցնելու համար: Պարոն Ռեւազեան նշեց, որ վանաձորցիները առանձնակի ջերմութեամբ ընդունած են Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, որոնք օտար ափերու վրայ ջանք ու եռանդ չեն խնայեր հայկական մշակոյթը, պարը տարածելու ուղղութեամբ:
Լոռիի մարզպետարանի պատասխանատուն շնորհակալագիրներ յանձնեց համերգի մասնակիցներուն` Սփիւռքի մէջ հայ պարարուեստը պահպանելու, զարգացնելու եւ տարածելու համար:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ղեկավարի տեղակալ Էդուարդ Եսայեանց իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնելով Լոռի մարզպետարանին եւ վանաձորցիներուն Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ջերմօրէն հիւրընկալելու եւ համերգն յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար, նշեց, որ առաջին փառատօնի վանաձորեան համերգին մասին նոյնպէս մասնակիցները հաճոյքով կը յիշեն եւ կը պատմեն:
Ձեռնարկին աւարտին բոլոր մասնակիցները Լէյլա Սարիբէկեանի երգի հնչիւններու ներքոյ միասնութեան շուրջպար բռնեցին: