Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանը Մերժած Է Ժխտողական Քըլըճտարօղլուի Հայկական Եկեղեցի Այցելութեան Դիմումը

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ բնակող հայերը մերժած են հանդիպում ունենալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ, որ կ՛այցելէ Քէօլն քաղաքը:

Քըլըճտարօղլու, որ Գերմանիա մեկնած էր իր ղեկավարած Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուին համար ձայներ ապահովելու նպատակով, այցելած է Ալեւիական միութիւններու դաշնակցութիւն, յունական եւ ասորական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ ցանկութիւն յայտնած է հանդիպում ունենալու Գերմանիոյ հայ համայնքին հետ, սակայն Գերմանիոյ հայոց առաջնորդարանը մերժած է անոր դիմումը:

«Քըլըճտարօղլուի` հայկական եկեղեցի այցելելու պահանջը առաջնորդարանը մերժած է: Քանի տակաւին Քըլըճտարօղլուն եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, զանոնք այստեղ ընդունիլը պատշաճ չէ», ըսած է Գերմանիոյ հայոց առաջնորդարանի ներկայացուցիչը:

«Ազդակ»

Scroll Up