Հայաստանի Եւ Արցախի Խորհրդարանները Մինսկի Խումբին Կոչ Կ’ուղղեն Ապահովելու Արցախի Մասնակցութիւնը Բանակցային Գործընթացքի Բոլոր Փուլերուն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի միջխորհրդարանական յանձնաժողովը, ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ կազմաւորման գործընթացքի լիովին եւ անթերի համապատասխանութիւնը միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն ու չափանիշներուն եւ այն ժամանակ դեռեւս գործող ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան` որպէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման երաշխաւոր ըլլալու իրողութիւնը:

Արձանագրելով, որ` ի պատասխան Արցախի ժողովուրդի ազատ կամաարտայայտութեան, Ատրպէյճանը որդեգրեց ցեղային զտումներու եւ ուժային մեթոտներով հարցի լուծման քաղաքականութիւն, որ կը շարունակուի ցայսօր,  Համոզուած ըլլալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը կ’ապահովէ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացքի անշրջելիութիւնը եւ Ատրպէյճանի համար կը հանդիսանայ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման անթոյլատրելիութեան ազդանշան, Հաշուի առնելով, որ 1994 թ. մայիս 12-ին ուժի մէջ մտած Լեռնային Ղարաբաղի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ  ստորագրուած հրադադարի մասին համաձայնութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացքին մէջ խիստ կարեւոր ձեռքբերում է, ուր հնարաւոր դարձաւ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու շնորհիւ,

Վերահաստատելով հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման`

ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի
հանրապետութեան միջեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման գրաւական
հանդիսացող հրադադարի  ամրապնդման անհրաժեշտութեան եւ խաղաղ
գործընթացքի անշրջելիութեան ապահովման կարեւորութեան մասին:

ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն գործնական քայլեր ձեռնարկել Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանագիծէն դիպուկահարներու հետ քաշման, միջադէպերու հետաքննութեան, եւ ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններու ու գործողութիւններու բացառման ուղղութեամբ,

ՀԱՄՈԶՈՒՄ կը յայտնէ, որ հայ ժողովուրդը` Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի, ինչպէս եւ անցեալին, պիտի գործադրէ իր ողջ ներուժը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար փաստաթուղթերով երաշխաւորուած ինքնորոշման իրաւունքն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

ԿԸ ԴԻՄԷ  Մինսկի խումբի համանախագահներուն ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլեր` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիարժէք մասնակցութեան ապահովման բանակցային գործընթացքի բոլոր փուլերուն:

Scroll Up