Տիգրան Սարգսեան Նշանակուած Է ԱՄՆ-ի Մօտ ՀՀ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով` Տիգրան Սարգսեանին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան: Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով` Տիգրան Սարգսեան նշանակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Ուաշինկթըն):

Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով` Թաթուլ Մարգարեան ազատուած է Ամերիկայի միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէն:

Scroll Up