Դեսպան Սարգսեանի Հանդիպումները Սինկափուրի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/g_image23.jpg)
Յունիս 24-ին Սինկափուրի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան (նստավայրը` Փեքին) մասնակցեցաւ Սինկափուրի նախագահ Թօնի Թան Քէն Եամի կողմէ կազմակերպուող ամէնամեայ դիւանագիտական ընդունելութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին դեսպան Սարգսեան առանձնազրոյց ունեցաւ Սինկափուրի նախագահին հետ: Դեսպանը վերջինիս փոխանցեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ վերահաստատեց Հայաստան այցելելու ՀՀ նախագահի հրաւէրը:
Ջերմութեամբ յիշելով ՀՀ նախագահի այցը Սինկափուր` նախագահ Թօնի Թանը վստահեցուց, որ մեծ ցանկութիւն ունի Հայաստան այցելելու եւ յոյս յայտնեց, որ այցը կը կայանայ: Նախագահ Թօնի Թանը նոյնպէս խնդրեց փոխանցել ՀՀ նախագահին իր ողջոյններն ու լաւագոյն մաղթանքները:
Դեսպան Սարգսեան կարճատեւ առանձնազրոյց ունեցաւ նաեւ Սինկափուրի
վարչապետի պաշտօնակատար Թէօ Չի Հիանի հետ:
Սինկափուրի ԱԳ նախարար Կ.Շանմուկամի հետ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը վերջինիս փոխանցեց ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ջերմ ողջոյնները եւ Հայաստանի մէջ անոր հիւրընկալելու ակնկալիքը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն: