«Աշխարհի Լաւագոյն Երկիրներու» Ցանկին Հայաստանը 72-րդ Տեղն Է
Հայաստանը 72-րդ տեղը զբաղեցուցած է 125 երկիրներու շրջանին’ «Աշխարհի լաւագոյն երկիրներու» ցանկին: Այս մասին կը վկայէ Good Country Index կայքին մէջ ներկայացուած վարկանիշային աղիւսակը, որ առաջին անգամ կազմուած է:
Ուսումնասիրութիւնը իրականացուցած փորձագէտները հաշուի առած են մարդկութեան զարգացման գործին մէջ երկիրներու կատարած ներդրումները` օգտագործելով ՄԱԿ-ի, համաշխարհային դրամատան եւ այլ միջազգային հիմնարկներու տուեալները եօթ բաժիններու մէջ, մասնաւորապէս` գիտութիւն եւ տեխնոլոգիաներ, մշակոյթ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, համաշխարհային կարգ, երկրագունդ եւ կլիմայ, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն, առողջապահութիւն:
Վարկանիշի տուեալներու համաձայն` Հայաստանը «Գիտութիւն եւ տեխնոլոգիաներ» բաժինի 125 երկիրներու շրջանին կը զբաղեցնէ 50-րդ հորիզոնականը, «Մշակոյթ» խումբի` 98-րդ հորիզոնականը, «Խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» բաժինի Հայաստանը 39-րդն է, «Համաշխարհային կարգ» բաժինի 72-րդն է, «Երկրագունդ եւ կլիմայ»-ի մէջ 98-րդն է, «Բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն» եւ «Առողջապահութիւն» բաժիններուն Հայաստանը կը զբաղեցնէ, համապատասխանաբար, 15-րդ եւ 110-րդ հորիզոնականները:
ԱՊՀ երկիրներու շրջանին վարկանիշային աղիւսակին մէջ առաւել բարձր դիրք կը զբաղեցնէ Մոլտովան (60-րդ տեղ): Անոր կը հետեւին Հայաստանը, Ղրղըզստանը (74), Ղազախստանը (80), Պելառուսը (82), Ռուսաստանը (95), Ուքրանիան (99), Ատրպէյճանը (122): Վրաստանը զբաղեցուցած է 77-րդ տեղը:
Good Country Index-ի վարկանիշային աղիւսակի առաջատարներն են Իրլանտան, ֆինլանտան եւ Զուիցերիան , վարկանիշը կ’եզրափակեն Իրաքը, Վիեթնամը, Լիբանանը:
imyerevan.com