«Ֆրեսկօ» Արդի Արուեստի Եւ Հոգեւոր Շարժանկարներու Միջազգային Փառատօնը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան – Հիմնարկին Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ յունիս 23-ին տեղի ունեցաւ «Ֆրեսկօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժանկարներու միջազգային առաջին փառատօնի «ճշմարտութեան յուշարձան» խորագիրով յատուկ ծրագիրը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին:

Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՑԹԻ-ի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան եւ ներկայացուց «Հոգիներու աճուրդ» հոլիւուտեան ժապաւէնը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած առաջին շարժանկարը:

Բեմադրիչ Օսկար Ափֆելի շարժանկարը առաջին անգամ ցուցադրուած է 1919 թուականի փետրուար 16-ին Նիւ Եորքի «Պլազա» հիւրանոցին մէջ: Շարժանկարը նկարահանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես չմշկածագցի Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» փաստագրական յուշագրութեան հիման վրայ: Գլխաւոր դերակատարն ինքը` Արշալոյս Մարտիկանեանն է: Շարժանկարէն պահպանուած է շուրջ 24 վայրկեաննոց ժապաւէն, որ փառատօնին  տրամադրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

Կինոդիտման յաջորդեց հանդիպում-քննարկում փառատօնի յատուկ հիւրերէն մէկուն` հայր Յովհաննէսի (Ջովաննի Գուայտա) հետ: Ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանայ իտալացի պատմաբան, աստուածաբան եւ գրող , որ հայերու մասին երեք աշխատութիւններու, մէջը ըլլալով` 2005-ին Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած «ճիչ Արարատէն. Արմին Վէգները եւ հայերու ցեղասպանութիւնը» գիրքի հեղինակն է: Հանդիպման ընթացքին Ջովաննի Գուայտանը խօսեցաւ հայերուն նուիրուած իր արդէն հրատարակուած աշխատութիւններուն մասին, պատմեց նաեւ իր նոր գիրքին մասին, որուն վրայ կ’աշխատի այս օրերուն: Հանդիպումէն ետք ցուցադրուեցաւ «Աուշուիտցն իմ ուսուցիչն է» 52 վայրկեաննոց իտալական շարժանկարը:

Տեղեկացնենք, որ յատուկ ծրագիրի ծիրէն ներս կը ցուցադրուի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի մասին պատմող 7 ժապաւէն` Իսրայէլէն, Հայաստանէն եւ Իտալիայէն: Նշուած ժապաւէններէն մրցութային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են միայն երկուքը:

www.genocide-museum.am

Scroll Up