Յովհաննէս Չէքիճեան. «Ուրիշ Որեւէ Տեղ Նման Զգացողութիւն Չեմ Ունենար…»
«Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեան ներքեւ Հայաստանի Պետական Ակադեմական երգչախումբի կողմէ Սփիւռքի մէջ սարքուած ամէն համերգ գեղարուեստական դէպք է այդ Սփիւռքին համար եւ առաւելաբար այդպէս է նաեւ մեր քաղաքի առնչութեամբ: Այդ տեսակէտէ երէկ գիշերուան համերգը, որ սարքուեցաւ Գումգաբուի Որդւոց Որոտման Եկեղեցիի արուեստի կեդրոնին մէջ, կրնանք գեղարուեստական դէպք որակել… Երէկ գիշերուան համերգը Սթանպուլահայ արուեստի կեանքէն ներս պիտի արձանագրուի անմոռանալիներու ցանկին մէջ»:
«Մարմարա», 07 Յունիս, 2014թ.
Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի սթամպուլեան ելոյթները անկասկա´ծ կը տարբերին երգչախումբի միւս բոլոր համերգներէն` ըլլան անոնք Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ, ամենատիտղոսաւոր բեմերու վրայ թէ ոչ այնքան յայտնի համերգասրահներու մէջ: Խօսքս ամենեւին ալ կատարողական մակարդակի եւ միւս որակներու մասին չէ (այս առումներով երգչախումբը միշտ ալ իր բարձրութեան վրայ է), այլ տարբեր, թերեւս ենթագիտակցականի զգայական ոլորտը թափանցող իրողութեան մը, որ թէ´ երգչախումբի արուեստագէտները, թէ´ մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանը կը համակէ «ուրիշ տեսակի» պատասխանատուութեամբ մը, ուրիշ տեսակի խանդավառութեամբ, որու արդիւնքով կը կայանայ երգի իսկական հրավառութիւն. չէ՞ որ Սթամպուլ-Պոլիսը , հայոց ինքնութեան եւ ինքնատիպ մշակոյթի (մէջը ըլլալով` երգարուեստի), հայ գեղարուեստական ու կառուցողական մտքի օրրան ըլլալէ զատ, այն քաղաքն է, ուր հայազգի բազում երեւելիներու հրաշալի փաղանգի շարքին, ապրած ու արարած է մեծն Կոմիտասը: Եւ վերջապէս` քաղաք, որ ծնած է Ամենայն հայոց մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանը:
Տողերուս հեղինակին բախտ վիճակուեցաւ ս. թ. յունիս 5-8 ոչ միայն ներկայ գտնուելու, այլեւ Ազգային երգչախումբի կազմին մասնակից ըլլալու սթամպուլեան համերգ-հրավառութեան, որ մատուցեց մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեան: Ատոր տրամաբանական շարունակութիւնը սոյն հարցազրոյց-երկխօսութիւնը եղաւ մայեսթրոյի հետ Սթամպուլէն Երեւան վերադառնալէ ետք, ինչ որ սիրով կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողին:
-Մայե´սթրօ, Ազգային Կապելլայի սթամպուլեան 3-րդ համերգային շրջագայութիւնն ալ դարձաւ պատմութիւն` արձանագրուելով պոլսահայութեան մշակութային կեանքին մէջ, ինչպէս «Մարմարան» գրեց, իբրեւ «Անմոռանալի»: Չորս օրուան մէջ` երկու փայլուն համերգ եւ Սբ. Պատարագի երգեցողութիւն Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Վերջինը շրջագայութեան անակնկալն էր` անկասկա´ծ հաճելի, միաժամանակ խիստ պարտաւորեցնող, ինչ որ տեղւոյն վրայ լրացուցիչ փորձեր իրականացնելու առիթ դարձաւ`փաստօրէն կրկնապատկելով Ձեր եւ խումբի ընելիքը: Այդու հանդերձ, չնայած յաւելեալ ծանրաբեռնուածութեան, համերգները գերազանցեցին բոլոր սպասելիքները` պոլսահայութեան համար վերածուելով իսկական տօնի: Ձեր աւելի քան կէսդարեայ փորձառութեան, կը կարծեմ, անծանօթ չեն նման անակնկալները, ինչ որ «կը յուշէ» չզարմանալ հերթականի համար: Եւ այնուամենայնիւ, մայե´սթրօ, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այդ…
-Այո´, մենք իսկապէս ալ պատրաստած էինք շատ հետաքրքիր ծրագիր Սթամպուլի համար` առանց անդրադառնալու, որ այնտեղ մեր պարտաւորութիւնը կրնայ աւելնալ: Սթամպուլ հասնելէ ետք պարզուեցաւ, որ մեր պոլսահայ հայրենակիցներու բուռն ցանկութիւնն էր, որ հիւրախաղերու վերջին` կիրակի օրը երգչախումբը իմ ղեկավարութեամբ մասնակցէր Սբ. Պատարագի արարողութեան Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ` կատարելով Կոմիտասեան «Պատարագը» (դպրաց դասի ամբողջ երգեցողութիւնը – Հ.Կ.): Ատոր համար ալ հէնց տեղւոյն վրայ ստիպուած եղանք յաւելեալ փորձեր իրականացնել, որպէսզի պատշաճ մակարդակով ներկայանանք Սբ. Պատարագին: Շատ ժամանակ չունէինք արդէն, ընդամէնը երեք փորձ կրցանք իրականացնել: Իսկ Կոմիտասի «պատարագը» երեք փորձով «բեմ հանելը», պիտի ըսեմ, հեշտ բան չէ: Բայց, փառք Աստուծոյ, ամէն ինչ լաւ անցաւ: Մայր եկեղեցւոյ շքեղ սրահին մէջ հաւաքուած հայութիւնը, որոնց մեծ մասը այդ օրը եկած էր յատուկ մեր խումբը լսելու համար, վստահաբար շատ գոհ մնաց: Եւ ընդհանրապէս, մեր խումբը այդ օրերուն բոլորի ուշադրութեան կեդրոնին էր:
Իսկ այն, որ մեր երգչախումբը օժտուած է բացառիկ որակներով, ոչ մէկուն համար գաղտնիք չէ: Ինչ ալ որ երգէ` ըլլայ Պատարագ թէ աշխարհիկ երգեր, մշտապէս առկայ է խումբի ուրոյն, բոլորէն տարբերող «ձեռագիրը» եւ, թոյլ տուր ըսեմ` ի´մ ձեռագիրը. չէ՞ որ ինչ կը կատարուի, իմ ձեռքով կը կատարուի: Այն հնչողութիւնը, որ ես կը ստեղծեմ, միայն իմն է, ուրիշ ոչ մէկը չի կրնար այդ հնչողութիւնը ստանալ: Խօսքը աւելի լաւ կամ վատի մասին չէ. ով ալ ըլլայ` իմը, մերը կը տարբերի: Գուցէ դժուար է խօսքերով բացատրել կամ, առաւել եւս, «ապացուցել» ըսածս, սակայն կը համարձակիմ ըսել` երբ որ ես մօտենամ խումբին, բոլորովին այլ հնչողութիւն կը ստեղծուի:
-«չէքիճեանակա´ն» հնչողութիւն… արդէն աւելի քան 50 տարի:
-Այո´, 53 տարի այդ բանը կայ: Ոչ միայն համերգներու, այլ նաեւ իւրաքանչիւր փորձի ժամանակ ես այդ կը զգամ, եւ երգիչնե´րը կը զգան. ես նաեւ իրենց ըսածն ու զգացածը կը փոխանցեմ: Այս իմաստով ես անչափ ուրախ եմ ու երջանիկ, որ խումբը մէկ մարդու պէս կ’ընկալէ ու կ’ընդառաջէ զիս ու կ’երգէ այնպէս, ինչպէս ես կ’ուզեմ, որպէս արդիւնք կը ստեղծուի քու ըսածդ «չէքիճեանական» հնչողութիւնը: Եւ այդ մեր յաջողութեան ամենակարեւոր, կրնամ ըսել` գլխաւոր առհաւատչեան է, խումբի` միշտ յառաջացող ու երբեք չնուազող որակի հիմնական բանալին: Բան մըն ալ ըսեմ. մեր երգիչները նաեւ կը խոստովանին (եւ այդ ինծի համար շատ հաճելի է), որքան ալ դժուար ըլլայ ծրագիրը, իմ ձեռքով չեն յոգնիր:
-Նման պարագայի կ’ըսեն` «ձեռքը թեթեւ է»…
– Կ’երեւի` այդպէս ալ կայ: Ինչ կը վերաբերի վերջին շրջագայութեան, Պոլսոյ Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը մեզի հրաւիրեց` բացումը կատարելու Մայր եկեղեցւոյ կից նոր վերանորոգուած կառոյցի մը, որ նոյնպէս եկեղեցի է`Որդուոց Որոտման անուանակոչեալ, սակայն պիտի ծառայէ գլխաւորապէս որպէս Արուեստի կեդրոն: Մեկնեցանք կրճատուած կազմով` 63 հոգի, չնայած պէտք է ըսեմ, որ այդ դահլիճին համար 63 հոգին լիուլի էր: Այնտեղ մենք ունեցանք բաւականին յաջող ընտրուած ծրագիրով երկու համերգ, որ շատ ջերմ ընդունուեցաւ, մեր սպասածէն ալ աւելի: Ապացոյցը ժողովուրդի բուռն, չդադրող ծափերն ու ծաղիկներն էին, Պոլսոյ հայկական թերթերու ջերմ արձագանքները: Շատ երջանիկ ենք, որ պատուով կատարեցինք մեր առաքելութիւնը` մեր երգով պոլսահայութեան պարգեւելով նոյնպիսի երջանիկ պահեր, եւ չնայած որոշակի յոգնածութեան` վերադարձանք, ինչպէս կ’ըսեն, յաղթանակած:
-Մայեսթրօ՛, 2014-ը կառավարական մակարդակով յայտարարուած է «չէքիճեանական տարի»: Այն սկսաւ Ձեր 85-ամեակին նուիրուած յոբելեանական համերգով եւ ըստ ամենայնի` պիտի շարունակուի ամբողջ տարուան ընթացքին: Ուրիշ ի՞նչ ձեռնարկներ կը սպասուին «չէքիճեանական տարուան» ծիրէն ներս:
-«չէքիճեանական տարի» ըսելով` կը հասկնանք, որ այս տարի Չէքիճեանի մասին աւելի շատ պէտք է խօսուի, այդպէս չէ…ո՞ր Չէքիճեանը պիտի ըլլայ ուշադրութեան կեդրոնին: Ձեռնարկներ, ի հարկէ, նախատեսուած են: Այս առիթով տարուան սկիզբը ստեղծուեցաւ յանձնախումբ մը, որ նախագահը նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն էր: Բայց վարչապետի հրաժարականէն ետք առայժմ ամէն ինչ մնացած է տեսակ մը «օդէն կախուած»: Նոր վարչապետին հետ այս թեմայով խօսելու առիթ, ճիշդը ըսեմ, դեռ չեմ ունեցած` իր բազմազբաղութեան պատճառով: Յոյս ունիմ, որ նոր վարչապետը ինքը կը ստանձնէ այդ յանձնաժաղովի նախագահի պարտականութիւնը, եւ ամէն ինչ իր տեղը կ’իյնայ: Այսօրուան դրութեամբ այսքանը կրնամ ըսել:
-Մայե´սթրօ, երկու ամիս առաջ Դուք արժանացաք ԱՊՀ երկիրներու մակարդակով բացառիկ մրցանակի մը, որ, եթէ չեմ սխալիր, կը տրուի ԱՊՀ անդամ երկիրներու գիտութեան, մշակոյթի մէկական ներկայացուցիչի ընդամէնը` յիշեալ բնագաւառներուն մէջ աչքի ինկած բացառիկ ծառայութիւններու համար: Հեղինակաւոր յանձնաժողովը այս տարի Հայաստանէն ընտրած էր Ձեզի, ինչ որ, անկասկած, մեծ նուաճում եւ պատիւ կը բերէ ողջ Հանրապետութեան: Խնդրեմ` փոքր-ինչ մանրամասն այդ մասին:
-Գիտէք, այն, ինչ կը կատարուի այստեղ, եթէ Մոսկուայի, ԱՊՀ երկիրներու մակարդակով արձագանք գտնէ, այդ ընդհանուր առմամբ շատ մեծ յաջողութիւն է, ինչպէս դուն ըսիր, ամբողջ Հանրապետութեան համար: Այդ կը նշանակէ, որ իրօք կա´յ արժանիք: Եւ ուրեմն`երեւի պատահական չէր, որ յանձնաժողովը անդրադարձած էր Հայաստանին` ի դէմս ինծի: Ըսեմ, որ այդ մրցանակի բացառիկութիւնը կ’արժեւորուի նախ եւ առաջ անով, որ այն միջազգային մրցանակ է, եւ կը շնորհեն լուրջ ծանրութեթեւ ընելէ, ամենամանրակրկիտ ու հանգամանալից քննութենէ ետք միայն (չմոռնանք, որ յանձնաժողովը կազմուած է բացառապէս օտարներէ): Ես, ի հարկէ, անչափ զգացուած եմ ու երջանիկ, որ եւս մէկ անգամ գնահատուեցաւ վաստակս, եւ հէնց ինծի բախտ վիճակուեցաւ արժանանալու այդ մրցանակին, որ իմ կեանքիս ընթացքին ստացած հարիւրէ աւելի մրցանակներու, կոչումներու, շքանշաններու մէջ երկրորդն է, որ միջազգային արժէք ունի (առաջինը Ժողովուրդներու բարեկամութեան շքանշանն է): Ըսեմ նաեւ, որ այս վերջին մրցանակը ինծի համար անակնկալ էր, անշուշտ` հաճելի անակնկալ: Այսինքն` ես այդ մասին գիտցած եմ, երբ արդէն ամէն ինչ որոշուած էր: Այդ առիթով զիս հրաւիրեցին Մոսկուա, ուր մեծ հանդիսութիւն կազմակերպուած էր: Համընդհանուր տօնական մթնոլորտ էր. տարբեր ազգութեան ներկայացուցիչներ` յայտնի մտաւորականներ, գիտութեան, մշակոյթի գործիչներ, պետական այրեր` ծանօթ ու անծանօթ, իմ շուրջը հաւաքուած էին, մօտենալով կը շնորհաւորուէին, հիացական, ջերմ խօսքեր կ’ըսէին: Վերջաւորութեան սեղանի շուրջ նոյնպէս հաւաք եղաւ, այստեղ ալ շատ ականաւոր մարդիկ վեր կենալով կը շնորհաւորէին, արժեւորելով իմ վաստակը: Ին՞չ ըսեմ, բառերով դժուար է նկարագրել. Ինքզինքս իսկապէս երջանիկ կը զգայի ու վարձատրուած:
-Վերադառնանք սթամպուլեան համերգներուն: Երգչախումբի համերգային այցը սթամպուլահայութեան համար բառին բուն իմաստով դարձաւ մեծ իրադարձութիւն, իսկական տօնական հրավառութիւն: Ինչպէս «Մարմարան» գրեց` «համերգ մը, որ կ’արձանագրուի Անմոռանալիներու ցանկին մէջ»: Սթամպուլի մէջ, որ Ձեր ծննդավայրն է, մէկ այլ ձեւով կը սիրեն մայեսթրօ Չէքիճեանը: Այդ սէրը «համեմուած է» զգացողութեամբ մը, որ թերեւս միայն սթամպուլահայուն յատուկ է: Այդ հպարտութեան զգացումն է` Չէքիճեանը իրենցը համարելու հպարտութեան. Պոլսոյ մէջ ամէն մարդ` յայտնի մտաւորականներէն մինչեւ պարզ ունկնդիր, անթաքոյց հպարտութեամբ կ’ըսէր` Չէքիճեանը մերն է: Բայց 50-է աւելի տարիներ անցած են, որ Դուք…իրենցը չէք, աւելի ճիշդ` միայն իրենցը չէք, այլ համայն հայութեանը, իսկ աւելի լայն առումով` երաժշտական աշխարհինը: Մայեսթրօ՛, իսկ Դուք ի՞նչ կ’ըսէիք Պոլսոյ մասին. Պոլիսը Ձե՞րն է, եւ ինչո՞վ կը տարբերի սթամպուլեան համերգները միւսներէն…
-Սկսիմ անկէ, որ մեր գործը կարծես թէ օդին մէջ ցնդի, այսինքն` ճարտարապետի ստեղծածին պէս «շօշափելի» բան կարծես թէ չենք ձգեր կամ, ըսենք, գրողի ստեղծածին. երգեցինք` օդին մէջ ցնդեցաւ, անցաւ-գնաց… Բայց ատիկա այդքան ալ այդպէս չէ: Տեսէ՛ք, ուղիղ 10 տարի անցած է պոլսահայ ունկնդիրի հետ մեր վերջին հանդիպումը, բայց մարդիկ կը յիշէին մեր ելոյթը Սթամպուլի մէջ այնպէս, կարծես թէ երէկ եղած էր: Սթամպուլի իմ ընկերներու, մտերիմներու մեծ մասը արդէն չկան, բայց անգամ երիտասարդները, որ ունկնդիրներու մեծամասնութիւն կը կազմէին, գոնէ անունով գիտէին ինծի եւ գիտէին Կապելլան: Դուք տեսաք, թէ ինչ խանդավառութիւն էր դահլիճին մէջ: Եւ ամէն տեղ, ճիշդ նկատած ես, բոլոր սթամպուլահայերը կը հպարտանային ու տեսակ մը չէին ուզեր համակերպիլ այն մտքին, որ իրենցմէ բաժնուած եմ, որ իրենք կորսնցուցած են ինծի…
-Ի դէպ, Ձեզի «կորսնցնելու» հետ կապուած. «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեան Սթամպուլի մէջ իրեն հետ ունեցած մեր հարցազրոյցի ժամանակ գիտէ՞ք` ինչ ըսաւ: Ըսաւ` «1997-ին` Կապելլայի Պոլիս կատարած առաջին համերգային շրջագայութեան, բեմահարթակին ունեցած իմ եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսի` Մենք Չէքիճեանը կորսնցուցինք, որպէսզի ամբողջ Հայաշխարհը շահի զայն»: Յետոյ աւելցուց` «նոյնը պիտի կրկնեմ նաեւ այսօր…»:
-Պ-ն Հատտէճեանի գնահատականին մէջ, ինքնասիրութիւնս շոյելէ զատ, ի հարկէ՛ մեծ իմաստ կայ: Պոլիս մնալով` սահմանափակ պիտի ըլլար գործունէութիւնս, միայն Պոլսոյ մէջ եւ վերջ: Մինչդեռ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի գործունէութիւնը ողջ աշխարհի մակարդակով ծաւալած է, մենք փառահեղ ու անմոռանալի ելոյթներ ունեցած ենք աշխարհի հեղինակաւոր բեմերու վրայ` Նիւ Եորք, Փարիզ, Լոնտոն, Ս. Փեթերսպուրկ, Մոսկուա եւ շատ ու շատ ուրիշ քաղաքներ: Այսինքն` մենք աշխարհի՛ հետ խօսեցանք, եւ աշխարհը՛ մեզի ճանչցաւ: Իսկ եթէ Սթամպուլ մնայի, այդպէս չէր ըլլար երբեք: Այս իմաստով ի հարկէ՛ ճիշդ էր իմ քայլը, որ եկայ Հայաստան, եւ ուրեմն նաեւ երիցս ճշմարիտ է «Մարմարա»-ի յարգարժան խմբագրապետը:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ որքանով Պոլիսը իմն է, միանգամայն ըսեմ` շատ-շատ բաներով: Սկսիմ ամենապարզ մարդկային զգացողութիւններէն. այնտեղի ծովի օդը վրաս անչափ դրական կ’ազդէ, տեսակ մը կ’երիտասարդանամ: Նաեւ չմոռնանք ծննդավայրի գործօնը. բժիշկները կ’ըսեն, որ եթէ մարդ իր ծննդավայրէն հեռու ապրի, ապա առիթը պիտի չկորսնցնէ երբեմն-երբեմն այնտեղ վերադառնալու, ինչ որ ես կը փորձեմ ընել: Միւս` ոչ պակաս կարեւոր հանգամանքն այն է, որ նախքան Հայաստան գալն արդէն ես այնտեղ, թող անհամեստ չի հնչէ, բաւական ճանչցուած մարդ եղած եմ որպէս խմբավար, ահագին մեծ գործունէութիւն ծաւալած եմ: Ունեցած եմ «Չէքիճեան» երգչախումբ, որուն հետ շատ յիշարժան համերգներ ունեցած եմ ամենախոշոր դահլիճներու մէջ ու, չնայած երիտասարդ տարիքիս, իմ անունս այնտեղ շատ շօշափուած է: Հիմա, ինչպէս ըսի, իմ ընկերներէս քիչերը մնացած են, բայց կայ քաղաքը, կայ Պոլսոյ հայկական միջավայրը` թէկուզ եւ շատ բանով փոխուած, ուր, սակայն, ինծի կը ճանչնան եւ կը յիշեն: Եւ այս իմաստով իմ իւրաքանչիւր այցելութիւն Սթամպուլ` մինակ թէ խումբով, տեսակ մը ուրիշ զգացում կ’արթնցնէ. ես կը վերադառնամ Տուն, որ ինծի համար թանկ է: Ուրիշ ոչ մէկ տեղ, բացի ծննդավայրէն, այսպէս զգացողութիւն չըլլար: Գիտէք, պոլսահայը հայու տեսակ մըն է, որ ձեւաւորուած է դարերու ընթացքին` իր ուրոյն մշակոյթով, կենցաղով, իր հոգեմտաւոր արժէքներով, ապրելակերպով… Այն եկեղեցին, որ դուք տեսաք` Մայր եկեղեցին, ուր Պատարագ երգեցինք, կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ ալ նմանը չիկայ` շքեղաշուք, ազդեցիկ, եւ այն ալ, չմոռնանք` Թուրքիոյ մէջ: Այն ժամանակ ես նաեւ այդ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը ղեկավարած եմ: Այսօր Պոլսոյ մէջ 36 գործող եկեղեցի ունինք, ուր ամէն կիրակի Պատարագ կը մատուցուի, եւ այդ փոքր բան չէ: Ես, ուրեմն, այդ միջավայրին մէջ ծնած եմ, քաղաք մը, ուր ապրած ու ստեղծագործած են Կոմիտասը, Զոհրապը, Վարուժանը…ո՞ր մէկուն ըսեմ` Պոլսոյ համբաւաւոր պատրիարքները` Օրմանեան, Շնորհք Գալուստեան… Տեսէք` որքան «պատճառ» կայ, որ ես ալ Պոլիսը իմը համարեմ:
-Սթամպուլեան համերգի եզրափակիչ մասը գերազանցեց բոլոր սպասելիքները: Խօսքս Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ» («Լեպլեպիճի») յայտնի օփէրէթի մասին է, պոլսահայութեան սրտին մօտիկ ստեղծագործութիւն մը, որմէ չորս հատուած կատարուեցաւ որպէս համերգի վերջաբան: Այս առիթով նոյնպէս կ’ուզեմ «դիմել» «Մարմարա»-ին. «Չէքիճեան յարմար տեսած էր, որ այս բացառիկ համերգը վերջացնէր Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի»-էն ընտրուած հատուածներով, որովհետեւ գիտէր, որ այս գործը շատ կը խօսէր Պոլսահայերուն: Բայց պէտք է ըսել, որ մենք մեր սպասածէն ալ շատ շատ աւելին գտանք այս հատուածին մէջ, ուր գրեթէ ամբողջ օփէրէթ մը ներկայացուցին երգչախումբը, դաշնակն ու չորս մենակատարները:… Միայն այս վերջին հատուածը, զօր մենք յաճախակի կերպով լսելու կարելիութիւնը չունինք, կարծես Չէքիճեանին եւ ամբողջ երգչախումբին նուէրն էր Պոլսահայութեան, եւ այդ նուէրը ընդունուեցաւ ամենաջերմ ծափահարութիւններով»: Կարծես թէ ամէն ինչ ըսուած է, մայեսթրօ՛…
-Ըսուածին պիտի ուզէի աւելցնել, որ մեր մօտ ալ, չես գիտեր ինչու, Չուխաճեանի անունը շատ չի շօշափուիր: Այնինչ ան ազգային օփերայի հիմնադիրն է մեր իրականութեան մէջ, առաջին հայ մարդն է, որ երաժշտահան կոչուելու իրաւունք վաստակած է: Բայց, ցաւօք, իրեն արժանին չի մատուցուիր: Եւ եթէ պոլսահայոց համար ես այս առիթը չօգտագործէի, շատ բան թերի պիտի ըլլար: Ի հարկէ, կարեւոր էր նաեւ, որ այդ հատուածները հնչեցին համերգի աւարտին: Ինչ կը վերաբերի կատարման, ես ալ, խումբն ալ կարելին ըրինք` Չուխաճեանին հարազատ մնալու համար: Եւ կը կարծեմ` ոչ միայն սթամպուլահայերու սպասելիքները, այլեւ մենք մեզի գերազանցեցինք: Օգտուելով առիթէն` յատուկ շնորհակալութիւնս կ’ուզեմ յայտնել երգչախումբին, իսկ Չուխաճեանի առիթով` յատկապէս բոլոր մենակատարներուն առանձին-առանձին` անմիջական ու փայլուն «ներկայացման» համար:
-Մայեսթրօ՛, չեմ ուզեր հարցնել` Դուք 85 տարեկան կը զգաք: Վստահ եմ` ո՛չ: Բայց…սթամպուլեան «անակնկալին» պատճառով կրկնապատկուած փորձերու ամենամեծ երեւոյթը Ձեր զարմանալի առոյգութիւնն էր, որ տեսակ մը գերբնական ուժ կը փոխանցէր խումբին (ատիկա ակնյայտ էր): Որ՞ն է Ձեր երիտասարդութեան, Ձեր անսպառ եռանդի գաղտնիքը…եթէ գաղտնիք չէ:
-Ինչ ալ որ ըսենք, տարիքը անտեսել հնարաւոր չէ. այո՛, 85 տարեկան եմ. զառամեալ ծերունիի տարիք է, չէ…բա՞յց, ի՞նչ ըսեմ, ես ինքզինքս այդքան չեմ զգար, մէջս եռանդ կայ. երեւի անկէ է, որ դեռ ըսելիք ունիմ: Յոյս ունիմ, որ դեռ «կ’ապրիմ», բայց ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքն է: Կը կարծեմ` նաեւ ծնողներս «դեր ունին» այս հարցին մէջ. մայրս շատ առողջ կին էր, 109 տարի ապրեցաւ, քիչ բան չէ: Ես այդքան ապրելու յաւակնութիւն չունիմ, բայց եւ այնպէս…բաներ կան, որ անբացատրելի են:
-Մայեսթրօ՛, փառահեղ կենսագրութիւն, մնայուն վաստակ, յարգանք, սէր, ճանաչում, գնահատանք, շքանշաններ, մրցանակներ…այս ամէնը Դուք ունիք: Բայց կը կարծեմ` Դուք ունիք անկէ ոչ պակաս եւս մէկ բան, հարստութիւն, եւ այդ հարստութիւնը երգչախումբի արուեստագէտներու անկեղծ սէրն է… Կ’ուզէի` ըսէք` համաձա՞յն էք, որ այդ հարստութիւն է, եւ որքանո՞վ այդ կարեւոր է Ձեզի համար:
-Քիչ կը մնայ` հաւատամ ըսածիդ (ծիծաղելով – Հ.Կ.): Ընդհանրապէս ղեկավարներու հասցէին իրենց ետեւէն յաճախ կը հայհոյեն, ճի՞շդ է: Բայց…ես ալ կ’ուզեմ հաւատալ, որ մեր պարագային ուրիշ է: Եւ գիտե՞ս` ինչու: Մեր գործը այնպիսի գործ է, որ, օրինակ, եթէ երաժշտական ֆրազները լաւ կը ստացուին, ատիկա, չէ՞ որ, մեծապէս ինծմէ է: Բայց միւս կողմէն` եթէ նուիրումով չաշխատին երգիչները, ոչինչ չի ստացուիր (մանաւանդ` այս աշխատավարձով): Այդ ինքնամոռաց նուիրումը, ուրեմն, մարդոց հոգիին մէջ բարի հետք կը ձգէ, եւ այդ հետքը կը կանխէ ամէն տեսակի չարիք: Այլ կերպ ըսեմ` սա նորին մեծութիւն Արուեստի կախարդական ուժն է, որ կը միաւորէ ու կը դարձնէ բոլորիս, որմէ ալ կը ծնի քու ըսած Սէրը, որ ի հարկէ՛ հարստութիւն է` հարստութիւններու ամենամեծը…
-Եւ վերջաւորութեան, մայեսթրօ՛… Քանի որ մեր զրոյցը Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» էլ. օրաթերթի համար է, իսկ Դուք Սփիւռքի նախարարին կից Ատեանի անդամ էք նախարարութեան հիմնադրումէն ի վեր, պիտի խնդրեմ` երկու խօսքով ներկայացնէք Սփիւռքի նախարարութիւն-Չէքիճեան համագործակցութիւնը:
-Ամենայն սիրով: Սփիւռքի նախարարութիւնը, աւելի ճիշդ` նախարարը, այո՛, ընտրած է ինծի որպէս Նախարարութեան բարձրագոյն կառոյցի անդամ: Ես, ի հարկէ, շատ շոյուած եմ ատոր համար: Բայց անկէ աւելի ուրիշ բան կայ, որ չեմ կրնար չըսել. ես մշտապէս կը զգամ տիկին նախարարուհիի ջերմութիւնը դէպի իմ անձը եւ իմ ըրած գործը: Եւ պատահական չէ, որ իմ 85-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ամենաաշխոյժ ու նաեւ նախաձեռնողական մասնակցութիւն ունի տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, որուն համար երախտապարտ եմ: Սփիւռքահայութեան յոյսն ու հաւատը Հայաստանն է, եւ Հայաստանի «ուշացած» Սփիւռքի նախարարութիւնը վիթխարի գործ կը կատարէ: Երանի՛ Սփիւռքի նախարարի եռանդը բոլորը ունենային, որովհետեւ ան ընդամէնը 5 տարուան ընթացքին ըրաւ, առանց չափազանցութեան, երեւի 50 տարուան գործ: Եւ եթէ նախարարի բազմազբաղութեան ծիրին մէջ իր ուշադրութենէն ու հոգածութենէն չի վրիպիր իմ անձը, եւ կ’արժանանամ անոր ջերմ համակրանքին, այդ ինծի համար մեծ պատիւ եւ հրճուանք է:
-Շնորհակալութիւն, սիրելի՛ մայեսթրօ:
Հարցազրոյցը` Հայկ Կարապետեանի