«Ֆրեզնոյի Մէջ Հայ Անուն Կրելը Պատիւ Կը Բերէ Այսօր…»

«Ես հայերէն չեմ գրեր, բայց հայերէն կը նայիմ աշխարհին…»: Կը կարծեմ` բոլորին  ծանօթ են ամերիկահայ յայտնի արձակագիր Ուիլեամ Սարոյեանի այս խօսքերը, որ ծնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ ու հայու ու Հայաստանի անունը ճանաչելի դարձուցած ամբողջ աշխարհի մէջ…

Հետաքրքիր է, այսօր ի՞նչ հայեացքով աշխարհին կը նային նոյն այդ Ֆրեզնոյի մէջ ծնած ու ապրող հայերը: Այդ հայեացքը ինչպէ՞ս  փոխուած է, ու՞ր կը նայի… Հարցեր, որոնք փորձեցինք պարզել Ֆրեզնոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ Պերճ Աբգարեանի եւ Վրէժ Վասիլեանի հետ:

Նախ լսենք Պերճ Աբգարեանին, որ թէեւ ծնած է Հալէպ, բայց 35 տարի է` կ’ապրի Ամերիկա.

– Ֆրեզնոյի մէջ մօտ 50 հազար հայ կ’ապրի, այն Ամերիկայի ամենահին գաղութներէն է: Հայերը Ֆրեզնօ գաղթած են դեռեւս 1880-ական թուականներուն: Այսօր արդէն երրորդ, չորրորդ սերունդը կ’ապրի, որոնք հիմնականին մէջ անգլիախօս են, ճիշդ է` հայկական հոգի ունին, բայց կամաց-կամաց այդ հոգին կը խամրի: Պատճառը՞. նախ լեզուն չկայ, Հայաստան-Սփիւռք կապը աւելի ամրապնդելու կարիքը կայ, որ հոգին արթուն մնայ:

Անցեալին Ամերիկա գաղթած հայերը շատ տքնաջան օրեր ապրած են, բաւականին նեղութիւններ կրած: Այդ պատճառով շատերը իրենց ազգանունները փոխած են. Պետրոսեանները դարձած են` Փիթեր, Թիւֆենկեանները` Քաներս եւ այլն:

Բայց ուրախութեամբ պէտք է ըսենք, որ այսօր հայ համայնքը Ֆրեզնոյի մէջ հպարտանալու տեղ ունի, քանի որ շինարարութեան, հողագործութեան, բժշկութեան, տնտեսագիտութեան եւ ամէն ծիրերու մէջ հայերը ունին պատուական տեղ: Հակառակ անոր, որ հայախօսները քիչ են, հայ անուն կրելը յաջող, գործող, պատիւ բերող է այսօր:

– Բաւական է յիշել Ուիլեամ Սարոյեան անունը:

– Ոչ միայն, Սարոյեանի հետ միասին շատ ճանաչուած հայ ընտանիքներ ունինք, օրինակ` Փառնակեան, Յովհաննիսեան,  Սրապեան, Քաշեան, Թիւֆենկեան, Պետրոսեան եւ այլք, որոնք մեծ արձագանք, նիւթական ու արժէքաւոր կշիռ ունին համայնքին  մէջ:

– Իսկ համայնքային կառոյց կա՞յ Ֆրեզնոյի մէջ:

– Գաղութին մէջ կան բարեսիրական տարբեր կազմակերութիւններ եւ միութիւններ` ՀԲԸՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային, Թէքէյեան, Վարդանանց եւ այլն, նաեւ` կուսակցութիւններ, որոնք բոլորն ալ իրենց կարգին, իրենց ծաւալին մէջ կ’աշխատին:

Այդ պատճառով է, որ մենք Ֆրեզնոյի մէջ կ’ուզենք Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարան բանալ: Այդ քայլով մենք աւելի կը համախմբուինք հայրենիքի դրօշի տակ, համագործակցութեան աշխատանքները աւելի կը զօրացնենք, Սփիւռք-Հայրենիք կապը աւելի կ’ամրապնդենք: Սա մեր կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն է` կարենալ տարբեր միջոցներով օժանդակ ըլլալ մեր հայրենակիցներուն:

Նմանօրինակ գրասենեակը իր կարեւոր դերը պիտի  ունենայ գաղութը համախմբելու, միասին գործակցելու եւ հայրենիքի հետ կապը առաւել ամրապնդելու գործին մէջ:

– Պարո´ն Աբգարեան, նշեցիք, որ համայնքի միայն ոգին է հայկական: Որ՞ն է գլխաւոր պատճառը, որ համայնքը հայախօս չէ:

– Տարբեր միութիւններ աշխատանք կը տանին երիտասարդներու հետ, կարեւոր է նաեւ, որ Ֆրեզնոյի պետական համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոն ունինք, բայց միայն ատոնք բաւարար չեն: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ հանդիպման ժամանակ տարբեր աշխատանքներու մասին խօսեցանք, թէ հայրենասիրական ոգիով, հայապահպան աշխատանքով ինչպէս կրնանք վերականգնել գաղութն ու կրկին զօրաւիգ կանգնիլ մեր հայրենիքին:

Զրոյցին կը միանայ Վաչէ Վասիլեան, որ բժիշկ է, 1988 թուականին աւարտած է Երեւանի բժշկական համալսարանը: Լիբանանահայ է, բայց 6 տարի է արդէն` կ’ապրի Ֆրեզնոյի մէջ.

– Ինչպէս նշեց պարոն Աբգարեան, Ֆրեզնոն Ամերիկայի ամենահին գաղութն է, ուր բացի Ուիլեամ Սարոյեանէն ապրած է մեր ամենանշանաւոր հայդուկապետը` Զօրավար Անդրանիկը, որուն ծննդեան 150-ամեակը հոկտեմբերին պիտի նշենք: Ֆրեզնոյի մէջ  թաղուած է մեր մեծ հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանը: Մենք երիտասարդներուն յաճախ անոր շիրիմին այցելութեան կը տանինք, որպէսզի  անկէ ոգեւորուին, հոգի եւ շունչ առնեն:

Ամերիկայի առաջին հայկական օրաթերթը` «Ասպարէզը», որն առ այսօր կը գործէ, սկսած է հրատարակուիլ Ֆրեզնոյի մէջ, «Նոր օրը» դարձեալ Ֆրեզնոյի մէջ  լոյս տեսած է: ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանը անցեալին  եղած  է Ֆրեզնոյի մէջ:

Ֆրեզնոյի մէջ կը գործէ, դժբախտաբար, մէկ հայկական նախակրթարան` մինչեւ 6-րդ դասարան: Դպրոցն ունի մօտ 100 աշակերտ: Ամէն կերպ կ’աջակցինք դպրոցին, կը փորձենք նեցուկ ըլլալ, աշակերտներու թիւը աւելցնել, հայոց լեզուն զօրացնել:

Հին գաղութ է, բայց, դժբախտաբար, պատկերն այսօր շատ տխուր  է: Այո´, 40-50 հազար հայ  կ’ապրի քաղաքին մէջ, բայց եթէ իրական մօտենանք` այդ թիւը կրնայ 4-5 հազար ըլլալ:

– Հիմնական պատճառը ո՞րն է:

– Կ’ապրին Ամերիկայի մէջ, հեռու են հայրենիքէն…

– Համեմատելը գուցէ սխալ է, բայց Դուք նոյնպէս հայրենիքի մէջ չէք ծնած, մեծցած, բայց շատ վարժ հայերէն կը խօսիք:

– Ես հայերէն սորված եմ ոչ միայն դպրոցը, այլեւ տունը, զանազան ակումբներու մէջ: Իսկ Ֆրեզնօ, դժբախտաբար, ակումբները այնքան աշխոյժ չեն, ինչպէս Պէյրութի, Հալէպի կամ Յորդանանի մէջ:

Երբ հանդիպեցանք նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, մեզի շատ լաւ միտքեր հաղորդեց: Մենք մասնակցեցանք «Արի տուն» ծրագիրի բացման: Եւ հիմա պէտք է փորձենք Ֆրեզնոյի մէջ գտնել երեխաներ, որոնք կրնան մասնակցիլ  ծրագիրին եւ հայրենիք այցելել:

Իսկ հայրենիք այցելութիւնը, լեզուն սորվիլը շատ կարեւոր է: Եւ ես վստահ եմ` ատիկա պէտք է ըլլայ, եւ այդ սերմը պէտք է կամաց-կամաց մեծնայ ու ծիլեր տայ:

Մենք ամէն կերպ կը ջանանք հայկականութիւնը պահել: Արդէն հինգերորդ տարին է` մենք հայկական տոհմիկ երեկոներ կը կազմակերպենք, ուր միայն հայերէն կը խօսինք, հայկական ճաշեր կը պատրաստենք, հայկական երգեր կ’երգենք, պարեր կը պարենք: Դարձեալ ցաւով պէտք է նշեմ, որ Ֆրեզնոյի հոծ համայնքէն ընդամէնը 250 մարդ կը մասնակցի  ձեռնարկին:

Զրոյցը կը շարունակէ  Պերճ Աբգարեան.

– Հոսանքը զօրաւոր է Ամերիկայի մէջ: Երեխայի ամբողջ շրջանակը` դպրոցը, ընկերները, հեռատեսիլը անգլերէն է, օտար: Հեռատեսիլն ինքնին հսկայական ազդեցութիւն ունի երեխայի հոգեբանութեան վրայ:

Փոքր քանակով անձեր  միայն հայկական դպրոց կը յաճախեն: Կը նախընտրեն ամերիկեան դպրոց, որովհետեւ անվճար է:

Եւ ամենակարեւորը…. հաւատք չունին հայութեան հանդէպ: Ըսածս գուցէ տգեղ է, բայց շատերը կը մտածեն` եթէ պէտք է Ամերիկայի մէջ հայութիւնս պահեմ, ինչու՞  այստեղ կ’ապրիմ, երթամ Հայաստան:

Ինչպէս ըսի, առաջին սերունդը դժուարութիւններու մէջէ անցած է, ճնշումներ  տեսած: Շատերն իրենց անունները փոխած են եւ իրենց զաւակներուն անգամ հայերէն չեն սորվեցուցած, անոնց հետ հայերէն չեն խօսած: Յաջորդ սերունդը, բնականաբար, հեռացած է հայկականութենէն: Իսկ այսօր մենք կը խօսինք երրորդ, չորրորդ սերունդի մասին, որոնք ներկայիս կ’ապրին:

Ես չորս երեխայ ունիմ, դոկտոր Վասիլեանը` երկու: Եթէ մենք մեր երեխաներուն հայկական դպրոց չուղարկենք, կրնա՞ք երեւակայել, թէ անոնց համար հայապահպանութիւնը, հայերէն խօսիլը, Հայաստանի հանդէպ յարգանք, համակրանք ունենալը որքան հնարաւոր պիտի ըլլայ, դժուար պիտի ըլլայ, չէ՞: Եթէ ես զաւակս ուղարկեմ ամերիկեան դպրոց, ան արդէն ամերիկացի  դարձած է` ո´չ լեզու, ո´չ պատմութիւն, ո´չ հայերէն, ոչի´նչ: Հայութունը իրեն համար, այսպէս ըսենք, վերացական պատկեր կը դառնայ:

Դարձեալ կ’ըսեմ` հիմնական պատճառն այն է, որ առաջին սերունդը անհաւատալի դժուարութիւններ կրած է, արգիլած են անոնց ճաշարաններ մուտք գործել, հող առնել, տուն գնել:

– Խօսեցանք Սարոյեանի, Անդրանիկի, Թէհլիրեանի մասին: Ըսիք, որ հայերը այսօր լաւ անուն ունին համայնքին մէջ: Ինչպէ՞ս է, որ չեն հաւատար հայութեան, երբ նման օրինակներ ունին աչքի առջեւ:

Վաչէ Վասիլեան կը պատասխանէ.

– Ցաւալի է այդ ըսել, բայց պատկերն այդ է: Չեն հաւատար հայութեան, որովհետեւ ինչպէս պարոն Աբգարը ըսաւ, թէեւ ես այդ ամէնուն համամիտ չեմ, առաջին սերունդը Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ զրկանքներ տեսած է, զատողութիւն եղած է, ու այդ ամէնէն խուսափելու համար տան մէջ արգիլած են հայերէն խօսիլ:

Բայց ես այդ ամէնը դարձեալ կը վերագրեմ թշնամիին` թուրքին:

Ֆրեզնոյի մէջ հաստատուած հայերէն շատերը  Ցեղասպանութենէն  փախած են: Այդ վախը իրենց բերած է Ամերիկա, եւ ցանկացած են` չիմանան, որ իրենք հայ են: Վախցած են, որ իրենց կը հալածեն,  մոռցած են իրենց ինքնութիւնը, որպէսզի հացի խնդիր լուծեն: Այդ սերունդը, որն իր զաւկին հայերէն չէ սորվեցուցած, միայն օրապահիկի մասին  մտածած է, մոռցած է իր ինքնութիւնը, որն ալ կամաց-կամաց խաթարուած է:

Չեմ ուզեր ասիկա ընդհանարցնել, բայց մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար, այդ ճանապարհով  գացած է:

Ֆրեզնոյի մէջ 50 հազար հայ կայ, ես 6 տարի է` այնտեղ կ’ապրիմ, եթէ որեւէ ձեռնարկ  կազմակերպենք` 700-է աւելի մարդ չի մասնակցիր:

Սա շատ մտահոգիչ է, կ’աշխատինք այս ուղղութեամբ, կը փորձենք ամէն գինով գաղութը աշխուժացնել, ապրեցնել ու հայկականացնել…

Հ.Գ. Որպէս վերջաբան` կ’ուզեմ դարձեալ դիմել Սարոյեանին.

«Պիտի ուզէի տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ,
որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին անկարեւոր ժողովուրդը,
որուն բոլոր պատերազմները կռուած են եւ յաղթուած, կառոյցները` փշրուած,
գրականութիւնը` չէ կարդացուած,
երաժշտութիւնը` չէ լսուած
եւ աղօթքներն` ալ չեն պատասխանուած:
Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը:

Տեսէ՛ք, թէ կրնա՞ք:
Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները` առանց հացի եւ ջուրի: Այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները:
Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդէօք կրկին չե՞ն խնդար, երգեն կամ աղօթեն:
Որովհետեւ երբ անոնցմէ երկուքը աշխարհի որեւէ մասի մէջ հանդիպի,
տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք  Նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր…»:

  Լուսինէ  Աբրահամեան

Scroll Up