«Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Վարժարանի Աւարտական Հանդէսը
Հայ ժողովուրդի դարաւոր կեանքի ճանապարհին կրթութիւնն ու հոգեւոր հաւատը գոյապայքարի յաղթաթուղթը դարձած են: Այդ գործին իրենց լուրջ առաքելութիւնը ունին սփիւռքի մէջ Մայր Եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ գործող հայկական դպրոցները, որոնցմէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանը: Այն չորս տարի առաջ թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի օրհնութեամբ վերակազմաւորուելով` կը գործէ առաջնորդարանի լուսաւոր յարկին ներքոյ:
«Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանի գործունէութիւնը ուղղուած է մէկ նպատակի` նուիրուած հայապահպանութեան կարեւորագոյն գործին, պատրաստել, դաստիարակել հայ ոգիով մեծցող, ազգային ու հոգեւոր արժանապատուութեամբ տոգորուած պատանիներ ու աղջիկներ:
Հաստատութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն սորվելու հայոց լեզուն, այլեւ ճանչնալու պատմական, հոգեւոր ժառանգութիւնը, մօտ ըլլալու հայու ինքնութեան եւ սիրելու այն, ինչ որ աւանդ ստացած ենք մեր նախնիներէն, գիտակցելու, որ իւրաքանչիւր սերունդ առաքելութիւն ունի` անաղարտ պահել-պահպանել մեր սրբազնասուրբ լեզուն եւ պատասխանատուութեամբ վերաբերելու հայ մնալու կոչման:
Հայերէնի ուսուցման բարձր որակի ապահովում, ինչպէս նաեւ մարդկային լաւագոյն յատկանիշներու սերմանում. ահա այս նպատակի ու գաղափարներու իրագործումը վերածուած է նուիրեալ առաքելութեան, որուն ձեռնամուխ եղած է դպրոցի մանկավարժական անձնակազմը` տնօրէն, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեանի գլխաւորութեամբ:
Դպրոցին մէջ կը դասաւանդեն բարձրագոյն կրթութեամբ, բազմամեայ աշխատանքային փորձ, մանկավարժական հմտութիւններ եւ կարողութիւններ ունեցող ուսուցիչներ, որոնք կը տիրապետեն ուսուցման նոր մեթոդներուն ու հնարքներուն: Առաջնորդարանին կից գործող գիտակրթական յանձնախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտոր Էլի Անդրէասեանի, կ’ապահովէ նաեւ ուսուցիչներու տարեկան վերապատրաստումը: Անոր որդեգրած արհեստավարժ ու գիտական խոր մօտեցումները դպրոցը կը դարձնեն գերմրցունակ` միեւնոյն ժամանակ ապահովելով յառաջատարի դիրքեր:
Հարկ է նշել, որ վաժարանը կը համագործակցի ՀՀ սփիւռքի, ինչպէս նաեւ գիտութեան ու կրթութեան նախարարութիւններուն հետ` հայրենիքէն պարբերաբար ստանալով դասագիրքեր, հայագիտական, կրթական նիւթեր եւ այլ օժանդակ պարագաներ: «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ դասընթացները կ’իրականացուին Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու համար նախատեսուած դասագիրքերով:
«Փոքրիկ Հրեշտակներ»-ու առօրեան բաւականին յագեցած է, այն կը սկսի հոգեւոր զրոյցով: Եկեղեցւոյ հովիւ, արժանապատիւ Տ. Խաժակ քահանայ Շահբազեանի հոգեւոր ու խրատական յորդորներուն կը մասնակցին ոչ միայն դպրոցականները, այլեւ անոնց ծնողները, մեծմայրերն ու մեծհայրերը: Այս անկեղծ ու ջերմ մթնոլորտը հիմք դարձած է մեծ ընտանիքի մը, ուր կ’իշխեն սէրն ու բարութիւնը, գիտութեան լոյսն ու հայապահպանութեան ոգին: Ուսուցիչ-աշակերտ-ծնող յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ:
Վարժարանին մէջ, լեզուի դասաւանդման զուգահեռ, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի երգեցողութեան, քանի որ հայ երգի ու երաժշտութեան միջոցով երեխաները աւելի հեշտութեամբ կ’իւրացնեն ու կը մտապահեն մայրենին, կը սիրեն ու կը կապուին անոր հետ:
Կրթօճախին մէջ իրականացուող բազմաբովանդակ աշխատանքներու հանրագումարը կ’ամփոփուի ոչ միայն քննութիւններով, այլեւ տարին քանի մը անգամ կազմակերպուող գրական, գեղարուեստական ու մշակութային ձեռնարկներով:
2014 թ-ի յունիս 14-ին տեղի ունեցաւ առաջին դասարանցիներու «Հրաժեշտ այբբենարանին» եւ 5-րդ աւարտական դասարանի աշակերտներու «Աշխարհի եօթ հրաշալիքներ» խորագիրով ձեռանարկը: Բարի գալուստի խօսքէն ետք Տ․ Խաժակ քահանայ Շահբազեան հրաւիրեց թեմի աւագագոյն հոգեւորականներէն` դոկտոր Տ. Զաւէն աւագ քահանայ Արզումանեանը աղօթքով սկսելու յայտագիրը: Տաճարի լուսաւոր պատերու ներքոյ «Փոքրիկ Հրեշտակներն» կ’արտասանէին ու կ’երգէին մայրենի լեզուով` միեւնոյն ժամանակ խոստանալով փայփայել ու պահպանել այն: Աշակերտներու ներկայացուցած յայտագիրը յուզիչ էր, տպաւորիչ, որու ընթացքին ակնառու էր երեխաներու ձեռք բերած գիտելիքներն ու պաշտանմունքը դէպի մեր բազմադարեայ մայրենին:
Հանդէսին ներկայ թեմի առաջնորդ, գերաշնորհ Տ․ Յովնան արք․ Տէրտէրեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց եւ իր օրհնութեան արժանացուց կրթօճախի տնօրինութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն ու աշակերտներուն` յորդորելով պահպանել եւ աւելցնել այն հոգեւոր սնունդը, ինչ որ ձեռք բերած էին ուսումնական տարուան ընթացքին:
Հանդիսութեան աւարտին դպրոցի տնօրէն, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեան նշեց, որ Ս․ Ղեւոնդեանց մայր Տաճարը եւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցն այն մեծ իրագործումներու փոքրիկ մասն են, որ կը կատարուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս` ժրաջան առաջնորդ, բարձրաշնորհ Տ․ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի ղեկավարութեամբ: Իսկ աշակերտներուն յիշեցնելով պայրոնեան յայտնի տողերը, յորդորեց ամուր պահել մեր աստուածատուր, մեսրոպաշունչ մայրենին:
Վերջաւորութեան առաջին դասարանի շրջանաւարտները ստացան նուէրներ, ինչպէս նաեւ «Տառաճանաչութեան վկայականներ», իսկ 5-րդ դասարանի սաները` «Աւարտական վկայականներ»:
Անահիտ Բեգլարեան
ԱՄՆ