Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Յունիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ԱՄՆ ֆրեզնոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ Պերճ Աբգարեանը եւ Վրէժ Վասիլեանը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան 2014 թուականի ծրագիրները եւ յորդորեց աւելի աշխուժօրէն մասնակցելու սփիւռքի նախարարութեան երիտասարդական ծրագիրներուն, որոնց հիմնական նպատակը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասաւանդման, հայրենաճանաչութեան միջոցով հայապահպանութիւնն է:

Հիւրերը լիայոյս էին, որ  Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան ամրապմնդումը  պիտի նպաստէ համայնքի համախմբման:

Հանդիպման ընթացքին  խօսուեցաւ նաեւ սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկներու կազմակերպման մասին:

Scroll Up