Վիկտոր Համբարձումեանի Յիշատակին Նուիրուած Յուշատախտակի Բացման Արարողութիւն Թիֆլիսի Մէջ

Յունիս 12-ին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ Թիֆլիս քաղաքի Լատօ Ասաթեանի 42 հասցէին տեղի ունեցաւ հայազգի աշխարհահռչակ գիտնական, ակադեմիկոս եւ անուանի աստղագէտ Վիկտոր Համբարձումեանի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Վրաստանի մօտ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վահագն Աֆեան, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ռուսլան

Պօղոսեան, «Վրաստան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վան Բայբուրթեան, թիֆլիսաբնակ գրող-թարգմանիչ Գիւի Շահնազարի, վրաց մտաւորականներ, հայ համայնքի մշակութային ու հասարակական գործիչներ:

Յուշատախտակի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վրաստանի մօտ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վահագն Աֆեան, որ բարձր գնահատեց Թիֆլիսի քաղաքապետարանի պատասխանատու պաշտօնատար անձերու հետ Վրաստանի մէջ ՀՀ

դեսպանութեան համագործակցութեան շնորհիւ իրականութիւն դարձած, համաշխարհային աստղագիտութեան բնագաւառին մէջ մեծ ներդրում ունեցող ակադեմիկոսի յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակի բացումը Թիֆլիսի մէջ:

Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ, Մշակոյթի եւ սոցիալան հարցերու քաղաքային ծառայութեան վարչութեան պետ Մամուկա Քացարաւան, որ կարեւոր համարեց յուշատախտակի բացման փաստը Թիֆլիս քաղաքին մէջ` նշելով, որ հպարտ եւ ուրախ է, որ թիֆլիսաբնակ հայազգի անուանի անձերու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակները կը տեղադրուին Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ` միեւնոյն ժամանակ յայտնելով, որ այդ գործընթացքը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ:

Շնորհակալական եւ դրուատանքի խօսքեր ուղղուեցան նաեւ թիֆլիսաբնակ հայ մտաւորականներուն եւ բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Վիկտոր Համբարձումեանի յուշատախտակի ստեղծման եւ տեղադրման գործին,այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Scroll Up