Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Դատապարտելու Հալէպի Վրայ Կատարուած Յարձակումները

Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կոչով դիմած է երկրի կառավարութեան` հրաւիրելով անոր ուշադրութիւնը Սուրիոյ հայերուն դէմ ծայրայեղական զինեալներուն կողմէ կատարուած գործողութիւններուն վրայ:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ «Սուրիոյ բանակի եւ ընդդիմադիր ուժերու կռիւներուն ընթացքին, հայ փոքրամասնութիւնը կրեց ծանր կորուստներ: Իրավիճակը աւելի բարդացած է, երբ Քայիտայի զինեալները աջակցութիւն ցուցաբերած են ընդդիմադիր ուժերուն: Փաստերը կ՛ապացուցեն նաեւ, որ արտաքին ուժերը, յատկապէս Թուրքիան կ՛աջակցի ընդդիմադիր զինեալներուն:

«Մամլոյ տեղեկութիւններուն համաձայն, Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասը անդադար կը ռմբակոծուի ընդդիմադիր զինեալներուն կողմէ: Բնակիչներու կեանքը վտանգուած է, եւ շատեր կը հեռանան դէպի Լաթաքիա, ուր արդէն Քեսապէն տեղահանուած մեծ թիւով գաղթականներ կան:

«Գնահատելով իրավիճակը` Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինը Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանը յայտարարած է աղէտի գօտի:

«Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ շարունակուող յարձակումները անզէն բնակիչներուն վրայ եւ կոչ կ՛ուղղէ Աւստրիոյ կառավարութեան դատապարտելու զինեալներուն գործողութիւնները: Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ` դադրեցնելու համար ընդդիմադիր ուժերուն ցուցաբերուած օժանդակութիւնը եւ զինամթերքով ապահովումը:

«Աւստրիան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ, որ հիմնուած է մարդկային իրաւունքներու վրայ, պէտք է այս արժէքները ներկայացնէ ամբողջ աշխարտին: Անտարբեր քաղաքականութիւնը որոշիչ էր նաեւ վերջերս քեսապահայութեան ճակատագիրին համար, որ զօրացուց յանցագործներուն դիրքը», նշուած է Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբի կոչին մէջ:

«Ազդակ»

Scroll Up