Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գիտաժողով Իտալական Սարտինիա կղզիին Մէջ

Իտալա-արաբական «Ասսատակահ» ընկերութեան եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ յունիս 17-ին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով

իտալական Սարտինիա կղզիին մէջ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին «Ասսատակահ» կեդրոնէն, «Հայոց ցեղասպանութիւն. 2015 թուականը` յիշատակի տարի» խորագիրը կրող գիտաժողովի ընթացքին կրկին պիտի հրապարակուի «Ասսատակահ» կեդրոնի առաջարկը` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին աշխարհի մէջ «Յիշատակի տարի» հռչակելու մասին:

Կեդրոնը նման առաջարկութիւն ուղղած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւն (ՄԱԿ) եւ Եւրոպական խորհրդարան: Պրիւքսէլն արդէն պատասխանած է` հաւաստիացնելով, որ հարցը քննարկման պիտի դրուի նոր խորհրդարանին մէջ:

Գիտաժողովին ընթացքին պիտի բարձրացուին առկայ աշխարհաքաղաքական ծիրէն ներս հայերու համար ստեղծուած դժուար իրավիճակներու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ճիհատիստական զինուած խմբաւորումներու կողմէ շարունակուող հալածանքներուն

մասին:

Գիտաժողովին ներկայ պիտի ըլլան Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանՍարգիս Ղազարեան, խորհրդարանական Իկնատիուս Անճիոնը, «Ասսատակահ» ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Ռայմոնտօ Սկեաւոնեն եւ արտաքին հարցերով պատասխանատու Թալալ Խրայիսը:

http://armenpress.am

Scroll Up