Երեւանի Մէջ Բացուած Է Քեսապի Կեանքն Ու Կենցաղը, Մշակոյթը Ներկայացնող Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/Untitled5.jpg)
Քեսապի յայտնի հարիսայի շերեփը, փախլաւայի սինին, սեղանը, որուն վրայ կը պատրաստեն, կենցաղի այլ իրեր, գործիքներ, որոնք կը պատմեն Սուրիոյ հայաշատ այս բնակավայրին մասին եւ կը ներկայացնեն քեսապահայերու կենցաղը:
Այսպիսի ցուցահանդէս Երեւանի մէջ կազմակերպելու գաղափարը “Քեսապ հայրենակցկան միութեանն” է, Չարենցի տուն թանգարանի հետ համատեղ:
Քեսապահայերը կը շտապեն այստեղ եւ կը փորձեն ներկայացնել իրենց մշակոյթը, Քեսապը, որն այսօր իրենց համար յիշողութիւն դարձած է:
Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Լիլիթ Յակոբեան կ’ըսէ` մեծ հաճոյքով պատրաստուած են ցուցահանդէսին: Այստեղ կարելի է տեսնել նաեւ շարք մը երկրագործական իրեր, բացի անկէ կարելի է տեսնել նաեւ օճառը, որ քեսապի մէջ ձիթապտուղէն կը պատրաստուի:
Քեսապցի կանայք կը շտապեն ներկայացնել իրենց ասեղնագործութիւնները:
Քեսապցիները կէս-կատակ, կէս-լուրջ կ’ըսեն` Քեսապի մէջ կ’ապրին աշխարհի ամենահմուտ ասեղնագործող կանայք:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած իրերը տրամադրած են Հայաստան ապրող քեսապցիները: Կ’ըսեն` սա իրենց համար աւելին է, քան յիշողութիւն: Ամէն անգամ, երբ կը հաւաքուին եւ յիշեն իրենց կեանքը Քեսապի մէջ, աւելի կ’ամրապնդուի կրկին այնտեղ վերադառնալու եւ դարձեալ Քեսապը շէնացնելու յոյսը:
www.yerkirmedia.am