Կայացաւ «Տուտուկը Եւ Համաշխարհային Դասականը» Խորագիրով Համերգը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/61.jpg)
Յունիս 7-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ ՌԴ Քալուկայի կամերային երաժշտութեան նուագախումբի` «Տուտուկը եւ համաշխարհային դասականը» խորագիրով համերգը` մեր հայրենակից, ՌԴ վաստակաւոր արուետագէտ Կարրի Ազատովի ղեկավարութեամբ, որուն կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, տուտուկահար Աշոտ Ղազարեանի ղեկավարած Քալուկայի Մշակոյթի տան տուտուկահարներու համոյթը: Հայ երաժշտասէր հանրութիւնը մասնակցեցաւ հանդիսաւոր երեկոյին, ուր ներկայացուեցան համաշխարհային երաժշտութեան դասական ստեղծագործութիւններ եւ հայկական ծիրանափողի անզուգական կատարումներ:
Յունիսեան ջերմ երեկոյին ընթացքին ռուսաստանեան երաժիշտներու եւ տուտուկի նուիրեալ մեր հայրենակիցին կողմէ ունկնդիրին ներկայացուեցան Ռոլ Լովլանտի, Քլոտ-Միշէլ Շեմբերգի, Եօհան Սեբաստիան Պախի, Գէորգի Սուիրիդովի, Սերգէյ Ռահմանինովի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի դասական ստեղծագործութիւնները` տուտուկի թովիչ ուղեկցութեամբ: Առանձնակի յուզիչ պահեր պարգեւեցին Ա. Խաչատրեանի «Գայեանէ» պալէյէն, Ա. Բաբաջանեանի «Նոկտիւրն»-ի, Ա. Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օփերայէն «Հենզել»-ի հատուածները:
Մեր հայրենակից Կարրի Ազատովը բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու հեղինակ է, որոնցմէ նշանակալից էին «Ալատինի լամպը» ներկայացման հիման վրայ գրուած «Արքայազն Պատոր»-ը, մարդկութեան դէմ ուղղուած մեծագոյն հանցագործութիւններէն Հոլոքոստին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Հրէական» թեմայով 4 մասէ բաղկացած հեղինակային ստեղծագործութիւնները:
Հայ հանդիսատեսին համար հաճելի անակնկալ էին Քալուկայի Երաժշտութեան տան մենակատար, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Ելենա Շումաեւայի բարձրարուեստ կատարումները, որոնցմէ ամենայուզիչը Կոմիտասի «Կռունկ»-ի կատարումն էր:
Հոգեւոր բարձրարուեստ երաժշտութիւնը եւ ազգային նուագարանի հնչեղութեամբ ստեղծագործութիւններու ունկնդրումը մեծ բաւականութիւն պարգեւեցին երեկոյի բոլոր մասնակիցներուն, որուն վկայութիւնը անդադար ծափահարութիւններն էին եւ «պրաւօ»-ները, որոնցմով ունկնդիրները կ’արտայայտէին իրենց հիացմունքը:
Համաշխարհային դասական ստեղծագործութիւնները եւ տուտուկի զուգորդումը, որ հրաշալիօրէն եւ մեծ ճաշակով ներկայացուեցաւ մեր երկու տաղանդաւոր հայրենակիցներու եւ ռուսաստանեան կամերային համոյթի կողմէ, մեծ նորոյթ էր երաժշտութեան պատմութեան մէջ: Վերջին տարիներուն տուտուկը կը զարդարէ երաժշտական շատ ստեղծագործութիւններ, անոր հնչիւններով համաշխարհային երաժշտական արուեստի եւ կինոարուեստի գործերը ձեռք կը բերեն նոր հմայք:
Այսօր Աշոտ Ղազարեանի եւ Կարրի Ազատովի նման նուիրեալներու շնորհիւ հայկական մշակոյթը ոչ միայն ըստ արժանաւոյն կը ներկայանայ օտարներուն, այլ անոնց իսկ միջոցով ու կատարմամբ կ’ընթանայ զարգացման նոր` յաղթանակող ճանապարհով:
Վերջաւորութեան հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան նշեց, որ այդ սքանչելի երեկոն հնարաւոր դարձաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի մտայղացման եւ նախաձեռնութեան շնորհիւ, եւ ներկաներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին, Քալուկայի Քաղաքային երաժշտութեան համոյթին ու անոր ղեկավարներուն: Փոխնախարարը նշեց նաեւ, որ վեհացման ու վերացման այդ մէկ եւ կէս ժամը երկար կը մնայ ներկաներու յիշողութեան մէջ: Աշոտ Ղազարեան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրամանով պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով, իսկ Կարրի Ազատովի ղեկավարած համոյթը` նախարարութեան շնորհակալագիրով: