Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Զոհուած Է Երկու Հայ Զինծառայող
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/images2.jpg)
Ստացուած տեղեկութեան համաձայն` յունիս 5-ին, հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու հրազէնային գնդակէն վիրաւորուած են պայմանագրային զինծառայողներ Անդրանիկ Սամուէլի Եղոյեան (ծն. 1988թ., Արարատի զ/կ) եւ Պորիս Բենիկի Գասպարեան (ծն. 1992թ., Արարատի զ/կ):
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՀ սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու ընթացքին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Միջադէպին մանրամասները կը ճշդուին: ՀՀ զինուած ուժերը կը վերահսկեն իրավիճակը շփման գիծին` իրականացնելով իրավիճակին համարժէք գործողութիւններ:
Հակառակորդի ձեռնարկած այս սադրանքը շփման գիծին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերջին օրերու գործողութիւններու տրամաբանական շարունակութիւնն է, ինչ որ կրկին անգամ կը վկայէ, որ հարեւան պետութեան իշխանութիւնները կ’արհամարհեն ԼՂ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ցանկացած նախաձեռնութիւն, չեն ցանկար խաղաղ ճանապարհով լուծել ԼՂ հիմնախնդիրը, պարբերաբար կը դիմեն սադրիչ գործողութիւններու` արհեստականօրէն ապակայունացնելով իրավիճակը սահմանագօտիին մէջ եւ վտանգելով բանակցային գործընթացքը: Ասով Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը ցուցադրեն իրենց արհամարհանքը եւ ԵԱՀԿ ՄԽ գործունէութեան, եւ միջնորդ պետութիւններու ղեկավարներու գործադրած ջանքերուն, եւ միջազգային հանրութեան նկատմամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ՊՆ պաշտօնական կայքէն: