Emmy-ի Մրցանակակիրը Պիտի Նկարահանէ «Կը Պեղենք Ապագան. Հայաստան» Շարժանկարը

Emmy մրցանակի դափնեկիր Ճոզէֆ Ռոսենտոն պիտի նկարահանէ «Կը պեղենք ապագան. Հայաստան» շարժանկարը: Այդ մասին ան պիտի յայտարարէ յունիս 6-ին Քալիֆորնիոյ մէջ, կը գրէ Masis Post-ը:

Այս փաստագրական շարժանկար  է Հայաստանի մէջ հնագիտական գիտարշաւի մասին: «Որպէս ֆիլմաշարի առաջին ֆիլմի թեմա մենք ընտրեցինք Հայաստանը, քանի որ ամերիկացիներէն շատ քիչերը գիտեն Հայաստանի հարուստ պատմութեան մասին եւ քիչերը  ծանօթ են անոր գեղեցիկ բնապատկերներուն: Գեղեցկութիւնը, խոհանոցը, խմիչքները եւ, ամենակարեւորը` ժողովուրդի ոգին, շատ կը տպաւորեն: Շատ հետաքրքիր էր գտնուիլ  երկրի մը մէջ, որն այդքան խնդիրներ  յաղթահարած  եւ վերապրած է»,- ըսած է Ռոսենտոն:

Բեմադրիչին միացած է հնագէտներու խումբ մը Քալիֆորնիոյ համալսարանի Costen ինստիտուտէն: Ինստիտուտը կը զբաղի հնագիտական գիտելիքներու ու ժառանգութեան պահպանմամբ ու տարածմամբ: «կը կարծեմ` ֆիլմը շատերուն պիտի հետաքրքրէ, ով նոր երկիրներ կը ցանկայ հետազօտել: Հայաստանը հեքիաթային երկիր է, հրաշալի  վայր մը հետաքրքիր պատմութեամբ, համեղ ուտեստներով ու գեղեցիկ մարդոցմով: Ֆիլմին մէջ յատուկ ուշադրութիւն  կը յատկացուի ժողովուրդի հարուստ մշակութային ժառանգութեան ու պատմութեան, կը յիշատակուի նաեւ հայոց ցեղասպանութիւնը»,- ըսած է Չարլզ Սթենլին` ինստիտուտի տնօրէնը:

Travelscope-ի բեմադրիչ Ջոզէֆ Ռոսենտոն կը պատմէ ճամփորդութիւններուն մասին արդէն շուրջ 30 տարի: Emmy-էն բացի, ան պարգեւատրուած է նաեւ ԱՄՆ հանրային հեռուստատեսութեան (PBS) կողմէ ճամփորդութիւններու մասին հեռուստաներկայացումներուն (հեռուստասերիալ) համար:

panarmenian.net

Scroll Up