ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Համագործակցութիւնը «Հովարդ Քարակէօզեան» Յիշատակի Ընկերակցութեան Հետ Առաւել Կ’Ընդլայնուի

Յունիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հովարդ Քարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութեան ընդհանուր վարիչ-տնօրէն Իրինա Լազարեանը եւ Հայաստանի մէջ «Հովարդ Քարակէօզեան» բարեգործական ՀԿ-ի տնօրէն Աւետիք Յարութիւնեանցը:

Ընկերակցութիւնը, որն աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եւրոպական շարք մը երկիրներու, Արցախի մէջ, իր մասնաճիւղերն ունի նաեւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գտնուող սփիւռքահայերու համար սոցիալական, առողջապահական եւ այլ ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: Կը նախատեսուի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ ընտանիքներուն եւ անոնց երեխաներուն ցուցաբերել  հասարակական, առողջապահական աջակցութիւն, մասնաւորապէս` լսողական եւ տեսողական խնդիրներ ունեցող հիւանդներու բուժման նպատակով:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց սուրիահայերու համար լուծում
պահանջող բնակարանաշինութեան, բնակարանային վարձավճարներու փոխհատուցման հարցերը եւ կարեւոր համարեց յատկապէս սոցիալապէս ծանր վիճակի մէջ գտնուող սուրիահայերու հրատապ խնդիրներու լուծման աջակցութիւնը բարեգործական կառոյցի կողմէ: Հիւրերը ծանօթացան «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրին:

Քննարկուեցան Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան մէջ սոցիալական, առողջապահական ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ խոցելի խումբերուն աջակցութեան նպատակով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հովարդ Քարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութեան միջեւ յետագայ համագործակցութեան յուշագիրի կնքման վերաբերող հարցեր, համակարգուեցան համագործակցութեան նոր մօտեցումներն ու յստակեցուեցան յետագայ ընելիքները:

Scroll Up