ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Սթամպուլի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Հիմնադիր Ներկայացուցիչ Կարպիս Պարմումջեանը

Մայիս 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Սթամպուլի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադիր ներկայացուցիչ Կարպիս Պարմումջեանը:

Բարձր գնահատելով վարժարանի դերը Պոլսոյ հայ համայնքի մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակելու եւ կրթելու գործին մէջ ` ՀՀ սփիւռքի նախարարը ուրախութեամբ նշեց, որ 2013-2014թթ. ուսումնական տարուան վարժարանի բոլոր 52 շրջանաւարտներն ալ պիտի դիմեն համալսարաններ եւ յատկապէս բնագիտական ուղղութիւններով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Կարպիս Պարմումջեան նշեց, որ Պոլսոյ հայ համայնքէն ներս մշտապէս կը հետեւին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի կողմէ համայնքներուն ուղղուած կոչերուն եւ կ’արձագանքեն անոնց:

Սթամպուլի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադիր ներկայացուցիչը ՀՀ սփիւռքի նախարարին յանձնեց Վարժարանին կողմէ հրատարակուած «Ազգային կեդրոնական Վարժարան», «Յարգանք կեդրոնականցիներու» եւ «Նախ մայրենին» պարբերականներու վերջին համարները:

«Մենք մշտապէս հիանում ենք Ձեր դպրոցի կողմից հրատարակած  նիւթերով,
վարժարանի գործունէութիւնը լուսաբանող զանազան պարբերականներով»,- նշեց նախարարը` աւելցնելով, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Վարժարանին պիտի տրամադրէ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած արեւմտահայերէնի դասագիրքեր:

Կարպիս Պարմումջեան ցաւով նշեց, որ համայնքը իսկապէս ունի դասագիրքեր կազմողներու եւ մայրենի լեզու  դասաւանդող մանկավարժներու պակաս:

Բարձր գնահատելով դարեր շարունակ թրքական տիրապետութեան տակ բնակող հայ քրիստոնեայ համայնքի կամքն ու ազգային դիմագիծը պահպանելու ջանքերը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը հրաւիրեց վարժարանի սաներուն մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին:

Նախարար Հ.Յակոբեան աւելցուց, որ այս տարի առաջին անգամ «Արի տուն»
ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուի Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) իսլամացած հայերու 40-50 մասնակիցներէ բաղկացած խումբը:

Քննարկուեցան Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, մասնաւորապէս Ազգային կեդրոնական Վարժարանի սաներու Հայաստան այցելութիւններն առաւել յաճախակի դարձնելու հետ կապուած հարցեր:

Scroll Up