Սուրիահայ Երեխայի Բուժումը Պիտի Շարունակուի Հայաստանի Մէջ

Մայիս 30-ի երեկոյեան Պէյրութ-Երեւան չուերթով Երեւան ժամանեցին խումբ մը սուրիահայեր: Այդ խումբին մէջ էր նաեւ Րաֆֆի Մարաշլեանի ընտանիքը, որուն 12-տարեկան որդին` Նարեկը մօտ 1,5 ամիս առաջ վիրաւորուած էր Հալէպի մէջ, հայկական դպրոցի մօտակայքը պայթած ռումբէն:

Քանի մը վիրահատութիւն տարած Նարեկին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորեցին բարեկամները, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները: Մարաշլեանի ընտանիքին սիրով ընդունեցին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի թեմի Երեւանի մէջ գտնուող հիւրատան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը նախօրօք Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով ճշդած էր Հայաստանի մէջ երկու ոտքէն վիրաւորուած Նարեկի բուժուելու հնարաւորութիւնը: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Նարեկին մայիս 31-ի առաւօտեան կը տեղափոխեն Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հիւանդանոց, ուր կը շարունակուի անոր  բուժումը:

Scroll Up