Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցի Սաները Այցելեցին ՌԴ Մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն

Մայիս 27-ին ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ, Մոսկուայի մարզի Տոլկոպրուտնի քաղաքի հայ համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցի խնդրանքով կազմակերպուած էր յիշեալ դպրոցի սաներու ճանաչողական շրջայցը ՀՀ դեսպանութիւն:
Դեսպանութեան անձնակազմի ուղեկցութեամբ աշակերտներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ այցելելու Լազարեան ճեմարանի 200 տարուան պատմութիւն ունեցող դեսպանութեան մասնաշէնքը, ունկնդրելու Լազարեան ընտանիքի պատմութիւնը, ծանօթանալու դեսպանութեան տարածքին մէջ պահպանուած պատմական եւ մշակութային մեծ արժէք ներկայացնող յուշակոթողներուն: Շրջայցի ընթացքին դպրոցի սաները դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Ս.Խուդավերդեանի եւ դեսպանութեան դիւանագէտներու ուղեկցութեամբ այցելեցին դեսպանութեան թանգարան, ուր ծանօթացան Լազարեան ընտանիքի եւ դեսպանութեան պատմութեան վերաբերող հնագոյն փաստաթուղթերուն:
Շրջայցի աւարտին դպրոցի սաները ներկաներուն մատուցեցին գեղեցիկ երաժշտական ելոյթ` հանդէս գալով հայ դասական բանաստեղծութեան ընթերցմամբ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած եւ իրականացուած էր դեսպանութեան խորհրդական Մ.Բաբայեանի եւ երկրորդ քարտուղար Վ.Մելքումովայի աջակցութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին յայտնեցին Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն: