Այս Տարի Մայրաքաղաքին Մէջ Պիտի Կառուցուի Մինի Ֆութպոլի 15 Խաղադաշտ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/18773e0c47f2c105500d032b82076167de16a337.jpeg)
Երեխաներու առողջ ապրելակերպի խթանման, ինչպէս նաեւ բակային աշխոյժ հանգիստի ապահովման ու պատանի երեւանցիներու մարզական յաջողութիւններուն նպաստելու նպատակով վարչական շրջաններուն մէջ սահմանուած ժամանակացոյցով կ’ընթանան մինի ֆութպոլի նոր խաղադաշտերու կառուցման աշխատանքները: Ծրագիրը կ’իրականացուի Երեւանի քաղաքապետարանի 2014 թուականի շինբարեկարգման ծրագիրներու ծիրէն ներս:
Այս տարուան ծրագիրով մայրաքաղաքին մէջ պիտի կառուցուի մինի ֆութպոլի 15 խաղադաշտ: Ատոնցմէ 10-ին մէջ շինարարական աշխատանքները արդէն մեկնարկած են:
Միւս վայրերուն մէջ առայժմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին: Շինաշխատանքները կ’իրականացուին համապատասխան մրցոյթի մէջ յաղթող ճանաչուած կազմակերպութեան կողմէ:
Յառաջիկային պիտի մեկնարկեն նաեւ նախորդ տարիներուն կառուցուած թիւով 59 մինի ֆութպոլի խաղադաշտերու վերանորոգման աշխատանքները:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան
եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն