Փոխվարչապետը Այցելած Է Գաւառի Հացառատ Թաղամաս. Ճանապարհներն Ու Մանկապարտէզը Անմխիթար Վիճակի Մէջ Են.NEWS.am
Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեանի եւ Գաւառի քաղաքապետ Գուրգէն Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ մայիս 26-ի երեկոյեան այցելած է Գաւառի Հացառատ թաղամաս:
Փոխվարչապետը հանդիպած է բնակիչներուն, լսած անոնց մտահոգող խնդիրները: Յիշեցնենք, որ մայիս 15-ին Ա. Գէորգեան ընդունած էր հացառատցիներուն եւ խոստացած, որ յառաջիկային կ’այցելէ եւ տեղուոյն վրայ կը ծանօթանայ խնդիրին:
Մինչեւ բնակիչներուն հետ հանդիպումը, փոխվարչապետը այցելած է թաղամասին մէջ գտնուող` Արցախեան ազատամարտին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած:
Փոխվարչապետին հետ հանդիպման բնակիչները հիմնականին մէջ դժգոհած են Գաւառի քաղաքային իշխանութիւններու կողմէ թաղամասի նկատմամբ անուշադրութենէն եւ առաջարկած են թաղամասին ինքնուրոյն համայնքի կարգավիճակ տալ: Անոնք մասնաւորապէս նշած են, թէ թաղամասի բնակիչներու կողմէ տեղական պիւտճէ փոխանցուող հարկային միջոցներն ու համայնքի պիւտճէէն թաղամասին համար յատկացուող գումարները անհամաչափ են: Բնակիչները դժգոհած են նաեւ թաղամասին մէջ ճանապարհներու, մանկապարտէզի անմխիթար վիճակէն:
Փոխվարչապետը բնակիչներու ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է թաղամասին մէջ, այցելած մանկապարտէզ, ծանօթացած շէնքային պայմաններուն: Արձանագրուած է, որ ոչ բարուոք վիճակի մէջ գտնուող շէնքը համալիր վերանորոգման կարիք ունի:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ բնակիչներու, ինչպէս նաեւ Տարածքային կառավարման նախարարութեան եւ մարզպետարանի ներկայացուցիչներէն կը ստեղծուի աշխատանքային խումբ, որ կ’արձանագրէ բոլոր խնդիրները եւ կը փորձէ լուծումներ առաջարկել:
Փոխվարչապետը խոստացաւ նաեւ, որ յառաջիկային համապատասխան մասնագէտներ պիտի գործուղուին Գաւառ` համայնքի պիւտճետային գործընթացները տեղուոյ վրայ ուսումնասիրելու համար:
NEWS.am