Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/g_image19.jpg)
Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքի «Համիտիէ» շրջանին մէջ արկի պայթիւնի հետեւանքով զոհուած է 1928թ.-ի ծնեալ Աւետիս Քեպապճեանը:
Այդ մասին կը տեղեկացնէ Հալէպի «Գանձասար շաբաթաթերթի ֆէյսպուքեան էջը»:
Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` տեղական ժամանակով ժամը 11:00-ին` Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Հալէպի հայաբնակ Նոր գիւղ թաղամասին մէջ դարձեալ պայթումներ տեղի ունեցած էին, որու հետեւանքով զոհուած էր 2, վիրաւորուած` 4 հայ:
Պատերազմի ընթացքին Սուրիոյ մէջ ըստ տարբեր աղբիւրներու զոհուած է 130-160 հազար մարդ: Անցնող երեք տարիներուն ընթացքին զոհուած հայերու թիւը անցած է հարիւրը: